ՀՅԴ Ուսանողները Բողոքի Երթ Կը Կազմակերպեն Դէպի Նախագահական Նստավայր
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը, պաշտպանելու համար ուսանողներուն իրաւունքները եւ շահերը, նոր շարժում մը կը կազմակերպէ: Այդ առիթով մամուլին մէջ տարածուած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը, իբրեւ 2 սեպտեմբերի ուսումնական տարուան առաջին օրուան բողոքի երթի շարունակութիւն, յանձն կ՛առնէ կատարել շարժումին յաջորդ քայլը: ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը կը նախաձեռնէ բողոքի երթ մը` Հայաստանի նախագահին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համալսարաններուն մէջ ներկայ խնդիրներուն, երիտասարդութեան բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ հիմնախնդիրներուն արդիւնաւէտ լուծման միտուած հեռանկարային քաղաքականութեան եւ անկէ բխող համապարփակ ծրագիրի բացակայութեան վրայ եւ պահանջելու չեղեալ յայտարարել կրթաթոշակներու բարձրացման որոշումը:
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միասին ոտքի ելլելու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ վճռական բողոքի ձայն բարձրացնելու այս եւ իւրաքանչիւր այլ անարդար որոշումի դէմ:
Երթը տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբերի կէսօրին` դէպի նախագահական նստավայր:

