Պայէրնի Միջնապահ Մարթինես Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան
Պայէրն Միւնիխի սպանացի միջնապահ Խաւի Մարթինես ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, յայտնեց անոր ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական յայտարարութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ 25 տարեկան Մարթինեսի այս վիրաբուժութիւնը կարեւոր էր, որովհետեւ ան միշտ կը դժգոհէր ըսելով, որ ոտքի հետ առնչուող հարցեր ունի:
Կը կարծուի, որ ան ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի շաբաթներ, սակայն թէ որքան` այդ մասին ցարդ անորոշ վիճակ մը կը տիրէ:
CATEGORIES Մարզական