Աթլեթիքօ – Տուքլա Փրակա Համաձայնագիրի Կնքում

Լիբանանեան Աթլեթիքօ եւ Տուքլա Փրակա (Չեխիա) ֆութպոլի ակումբները երկու տարուան համաձայնագիր մը կնքեցին իրարու հետ, ինչ որ առիթ պիտի տայ երկու կողմերուն փոխադարձ բանակումներ կատարելու:

Ասկէ բացի, ըստ կնքուած համաձայնագիրին, Աթլեթիքոյի լաւագոյն մարզիկները առիթ պիտի ունենան փոխանցուելու չեխական ակումբին տարիքային խումբերուն (19 եւ 21 տարեկանէն վար):

Այս համաձայնագիրը կնքուեցաւ Փրակայի մէջ, երբ Աթլեթիքոյի նախագահ Ռոպեր Փաուլի եւ պատասխանատու Նետիմ Ղաթթաս Տուքլայի նախագահ Մայքըլ Պրուքսի հետ տեսակցեցան:

Նշենք, որ Տուքլա Չեխիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան դասաւորման մէջ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը:

Վերջին շրջանին Աթլեթիքօ ֆրանսական Լիոն ակումբին հետ կնքեց համաձայնագիր մը, ըստ որուն, յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին, Ֆրանսայի փորձառու մարզիչ Ժան-Ֆրանսուա Ֆիլէ պիտի ստանձնէ Աթլեթիքոյի մարզիչներուն յատուկ փորձերուն մարզիչի պաշտօնը` Լիբանանի եւ Լիոնի մէջ:

Վերոնշեալ կէտերը նկատի ունենալով բացայայտ կը դառնայ, որ Աթլեթիքոյի մարզիկները պիտի մարզուին եւրոպական բարձր մակարդակով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )