Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերին. Ճատրակի Միօրեայ Մրցաշարք` Խըրէյպեթ Շուֆ Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Խըրէյպեթ Շուֆ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը:
Խըրէյպեթ Շուֆ ակումբը իւրաքանչիւր տարի կը կազմակերպէ տարբեր տեսակի խաղեր` տօնական մթնոլորտ ստեղծելով եւ ի մի համախմբելով շրջանի գիւղերուն բնակիչները կամ այլ շրջաններէ ժամանած իր հիւրերը:
Այս տարի ակումբը ուզեց, որ ճատրակի մարզը եւս մուտք գործէ իր տարեկան խաղերուն ծրագիրին մէջ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, պէտք է անյապաղ իրենց անունները արձանագրեն` հեռաձայնելով Խըրէյպեթ Շուֆ ակումբի ընդհանուր պատասխանատու Սուպհի Աշքարի (03-313210):
Մասնակցութիւնը պիտի ըլլայ ձրի, իսկ եթէ արձանագրուողներուն թիւը ըլլայ գոհացուցիչ, յատուկ փոխադրակառքեր պիտի տրամադրուին` մասնակցողները փոխադրելու համար Խըրէյպեթ Շուֆ:
Նշենք, որ մրցաշարքէն ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը: