Մեսսի Կը Զօրակցի Մատրիտի 2020-ի Ողիմպիականի Խաղերուն Առաջադրած Թեկնածութեան
Այս շաբաթավերջին Պուէնոս Այրեսի մէջ իր գումարելիք համագումարին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն պիտի ընտրէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ 2020-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքը:
Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած մայրաքաղաքներն են Մատրիտ, Թոքիօ եւ Պոլիս:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի իր զօրակցութիւնը յայտնած է Մատրիտի:
26 տարեկան Մեսսիէն բացի, Մատրիտի առաջադրած թեկնածութեան կը զօրակցի նաեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի սպանացի պասքեթպոլիստ Փօ Կազոլ:
CATEGORIES Մարզական