Պլեթըր. «Կը Կասկածիմ, Որ Պէյլ Արժանի Է Իրեն Համար Վճարուած Այդ Գումարին»
Անդրադառնալով Կերըթ Պէյլի Ռէալ Մատրիտ փոխանցման հարցին` ՖԻՖԱ-ի նախագահ Սեփ Պլեթըր ըսաւ, որ անոր փոխանցման համար վճարուած այդ գումարը արդարացուած չէ:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ մէջբերեց Պլեթըրի կատարած հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Նոյնիսկ երբ խօսքը կը վերաբերի տնտեսական ճգնաժամ ապրող երկիրներուն, ֆութպոլին մէջ կարելի է միշտ գումարներ գտնել: Ֆութպոլիստին բարձր արժէքը կը թելադրէ շուկան, եւ մենք այդ գծով ոչինչ կրնանք ընել: Սակայն, ես կը կասկածիմ, որ Պէյլ արժանի է իրեն համար վճարուած այդ գումարին, բայց եւ այնպէս, այդ գծով ոչինչ կրնամ ընել»:
CATEGORIES Մարզական