ՔՈԼՈՐԱՏՕ ՆԱՀԱՆԳԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ «ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ»
Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգին Ընդհանուր ժողովը 2011-ի նստաշրջանին ընթացքին ընդունեց ծերակոյտի թիւ 11-035 միացեալ բանաձեւը` 24 ապրիլը այսուհետեւ «Քոլորատոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր» յայտարարելու վերաբերեալ:
Նշելով, որ այս տարի կ՛աւարտի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցը, փաստաթուղթին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Թուրքիոյ յարգելու միջազգային համաձայնագիրներով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները, փոխհատուցում կատարելու քրիստոնէական աւերուած եկեղեցիներու, վանքերու, դպրոցներու, յուշարձաններու, սրբավայրերու եւ կրօնական այլ ունեցուածքին համար, թոյլ տալու քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ այդ ունեցուածքի օրինական տէրերուն պահպանելու, վերակառուցելու եւ վերանորոգելու այդ ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ թոյլ տալու ազատօրէն եւ առանց խոչընդոտներու կամ սահմանափակումներու կազմակերպելու աղօթքներ, պաշտամունքի, կրթական, կրօնական համայնքներու հաւաքներ:
Փաստաթուղթերու պատճէնները ուղարկուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, Քոլորատոյի քոնկրեսական պատուիրակութեան անդամներուն, Քոլորատոյի նահանգապետին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու: