ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՅՈՅՍԵՐ ԿԸ ԿԱՊԵՆ ՔԱԶԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՀԵՏ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Արցախ գտնուող ԵԱՀկ-ի Մինսքի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէն, Իկոր Փոփովը եւ Պեռնար Ֆասիէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի լուծման եւ շրջանային հոլովոյթներուն առնչուող տարբեր հարցեր:
Երկու կողմերը նշեցին, որ տագնապին խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի:
Կրկին անդրադառնալով սահմանէն արձակազէններու հեռացման հարցին` նախագահ Սահակեան ընդգծեց, որ անիկա պիտի հանդիսանայ փոխադարձ վստահութեան միջոցներու իրականացման կարեւոր բաղադրամասերէն մէկը եւ դրականօրէն պիտի ազդէ բանակցային հոլովոյթին վրայ:
Նախագահ Սահակեան անգամ մը եւս ներկայացուց պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը` ընդգծելով, որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան բանակցութիւններու բոլոր հանգրուաններուն` անկարելի է ակնկալել որեւէ բեկում տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ:
Հանդիպման ներկայ էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Հանդիպումէն ետք համանախագահները տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարեցին, որ յունիսի աւարտին Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները կրնան հաւանութիւն տալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերջնական փաստաթուղթին:
«Մենք յոյս ունինք, որ նախագահներուն Քազանի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ հանդիպման ընթացքին կողմերը հաւանութիւն տան լուծման համար առաջարկուող փաստաթուղթերու արդէն վերջնական տարբերակին: Խօսքը կը վերաբերի այն փաստաթուղթին, որ կողմերուն առաջարկուած էր մօտ երեք ամիս առաջ` Սոչիի մէջ», նշեց ֆրանսացի համանախագահը:
Ինչպէս յայտնի է արդէն, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջնորդութեամբ 25 յունիսին Քազանի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին շուրջ:
Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահը նոյնպէս իր նկատառումները յայտնեց քննարկուող փաստաթուղթին մասին` նշելով, որ որոշ հարցեր տակաւին յղկման եւ փոխադարձ համաձայնութեան կարիքը ունին:
Ըստ անոր, կողմերու արտաքին գործոց նախարարները կը զբաղին այդ գործերով եւ հաւանական է, որ մինչեւ Քազանի հանդիպումը այդ աշխատանքները աւարտած ըլլան:
Ընդգծելով միջնորդ երկիրներու ղեկավարներու Տովիլի յայտարարութեան կարեւորութիւնը, որուն մէջ կը խօսուի վերջնական լուծման միտուած աշխատանքները արագ աւարտին հասցնելու եւ հարցը խաղաղ ճամբով լուծելու անհրաժեշտութեան մասին, Ի. Փոփով յոյս յայտնեց, որ այդ յայտարարութիւնը լրացուցիչ ազդակ հաղորդէ բանակցային հոլովոյթին:
Համանախագահները յոյս յայտնեցին նաեւ, որ Քազանի մէջ կողմերը կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեն:
Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքէ իր կարգին յայտարարեց, որ միջնորդները, մասնաւորաբար ամերիկեան կողմը կտրականապէս դէմ է հարցը ուժային միջոցով լուծելու որեւէ փորձի:
Պրատքէ նշեց, որ պատերազմը լուծում չի բերեր, այլ միայն կը յանգեցնէ նոր զոհերու եւ մարդկային նոր տառապանքներու: