ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԸ

Մեծն Բրիտանիոյ ազգային տօնին` Էլիզապեթ Բ. թագուհիին ծննդեան պաշտօնական օրուան առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ  դեսպանատուն:

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց դեսպան Չարլզ Լոնստէյլը եւ դեսպանատան աշխատակիցները` նշելով, որ Հայաստան չափազանց կարեւոր կը նկատէ Մեծն Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները: Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց աշխարհի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դերն ու նշանակութիւնը եւ այդ երկրին ջանքերը եւրոպական մերձեցման գործին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES