Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Հըզպալլան զգուշացուց միջամտելէ` Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի մը պարագային: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանը չէզոք պահելու եւ կազմելու կառավարութիւն մը` «Պաապտայի յայտարարութեան» համաձայն:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ Ռուսիան Սուրիայէն դուրս բերելը անկարելի է, որովհետեւ ան Սուրիոյ տագնապին լուծման բանալին է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը շէյխ Հաշեմ Մընքարան ստախօսութեամբ կ՛ամբաստանէ եւ կը հաստատէ, որ շէյխ Ահմետ Ղարիպի հարցաքննութեան ընթացքին անոր դէմ ճնշում չէ բանեցուած:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները խզուած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ կոչ ուղղեց կազմելու ազգային շահերու կառավարութիւն մը` «Պաապտայի յայտարարութեան» հիման վրայ:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ զինուորական հարուած մը գործադրելու սպառնալիքը Լիբանանի վրայ յաւելեալ ճնշումներ կը բանեցնէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի կոչ ուղղեց Սուրիոյ ուխտավայրերը եւ աղօթատեղիները պաշտպանելու:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիա եւ անոր դաշնակիցները ձեռնածալ պիտի չմնան եւ իրենց պատասխանը պիտի ըլլայ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան հարուածին համազօր:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակում պիտի կատարէ, եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը քայքայուելու ընթացքին մէջ ըլլայ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կ՛ուղղուի Լիբանանի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հակառակորդները մաքրագործելու:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանան ապահովական առումով դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու փորձերուն, երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ պիտի չուղղուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ծոցի երկիրները վեթոյի ենթարկած են Լիբանանի մէջ քարիւղի հանքերու պեղումներուն սկսելու աշխատանքը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ սպառնաց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն դուրս գալ, եթէ անոնք ընդունին Լիբանանի նոր կառավարութեան Հըզպալլայի մասնակցութիւնը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա լիբանանեան բանակին զինուորական որակական օժանդակութիւններ պիտի տրամադրէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անցեալ երեքշաբթի երեկոյեան այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամին եւ անոր փոխանցեց, թէ ինք կ՛ողջունէ Մուսթաքպալ պլոքին կեցուածքը` կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի մասնակցութեան նկատմամբ դրական կեցուածքին առումով:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի պահանջեց Թրիփոլիի պայթումներուն թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդ փոխանցել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը իր քաղաքացիներէն պահանջած է Հըզպալլայի շրջանները այցելելէ խուսափիլ:

ԻՐԱՔԻ արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւններ սանձազերծելու պարագային Հըզպալլայի միջամտութեան հաւանականութենէն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ հաղորդակցութիւնները դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուին` նախարարներուն անունները ճշդելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու հասցնելիք հարուածը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու արշաւին մաս կը կազմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )