Տահեր. «Դիմադրութեան Զէնքին Առաքելութիւնը Դարձած Է Լիբանանցիներուն Ահաբեկումը»

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքին առաքելութիւնը դարձած է լիբանանցիներուն ահաբեկումը:

Ան կոչ ուղղեց Հըզպալլային վերջ տալու Սուրիոյ մէջ գործադրուող սադրանքներուն իր մեղսակցութեան եւ իրանեան հրահանգներուն ենթարկուելու երեւոյթին:

Անդրադառնալով Ռուէյսի եւ Թրիփոլիի պայթումներուն` Տահեր ըսաւ, որ երկու շրջաններուն մէջ պայթած ինքնաշարժները Սուրիոյ մէջ ականուած են:

Share this Article
CATEGORIES