Լիբանանի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Կը Դատապարտէ Պայթումները Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Վերադառնալու Շինիչ Երկխօսութեան

Խորհուրդի նիստէն պահ մը

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի դիւանը երէկ Պաապտայի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը:

Նիստին ընթացքին խստիւ դատապարտուեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններու եւ Թրիփոլիի պայթումները:

Խորհուրդը ցաւ յայտնեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակին վատթարացման համար եւ ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն ընտանիքներուն:

Միւս կողմէ, Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց երկրին տնտեսական կացութեան վատթարացումին առնչութեամբ, յատկապէս նկատի ունենալով կրթական տարեշրջանի վերամուտը:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միասնական ըլլալու եւ զօրակցելու պետութեան, պետական բոլոր հաստատութիւններուն եւ ապահովական բոլոր կառոյցներուն:

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը մաղթեց, որ քաղաքական ուժերը վերսկսին ազգային երկխօսութեան` կազմել կարենալու համար ազգային նոր կառավարութիւն մը եւ մշակելու ընտրական նոր օրէնք մը:

«Երկխօսութիւնը կեանքի կը կոչէ հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ կը բարելաւէ տնտեսական կացութիւնը` աշխուժացնելով առեւտրական շուկաներն ու զբօսաշրջական վայրերը», ընդգծեց խորհուրդը:

Share this Article
CATEGORIES