Ասիրի Այցելեց Ժեմայէլի Եւ Զօր. Աունի
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ կացութիւնն ու զարգացումները եւ այդ մասին ուաշինկթընեան միտումները:
Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ վերահաստատեց իր դատապարտումը` Հըզպալլայի զետեղած անցարգելներէն մէկուն կողմէ սէուտական դիւանագիտական ինքնաշարժ մը խուզարկելու արարքին դէմ:
Ասիրի այցելեց նաեւ Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ասիրի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
CATEGORIES Լիբանանեան