«Շրջանին Մէջ Պատահածը Շատոնց Ծրագրուած Արեւմտեան-Իսրայէլեան Դաւադրութիւն Մըն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ զգուշացուց, որ պատերազմը յաւելեալ բախումներ կը բռնկեցնէ` ընդգծելով, որ զէնքը լուծում չի կրնար ըլլալ Միջին Արեւելքի տագնապին:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ շրջանին մէջ պատահածը շատոնց ծրագրուած արեւմտեան-իսրայէլեան դաւադրութիւն մըն է:
Ան կոչ ուղղեց արաբներուն զգուշանալու սադրանքներէն եւ շրջանին մէջ Իսրայէլի ծառայելու նպատակով ստեղծուած լարուածութենէն: «Եթէ Արեւմուտքը Իսրայէլի համար ստիպուած ըլլայ քանդել շրջանը, ապա ան պիտի չերկմտի», աւելցուց ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ կազմելու նոր կառավարութիւն մը:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը վերոնշեալ յայտարարութիւնները կատարեց Աքքարէն ժողովրդային պատուիրակութեան մը հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն:

