Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Թուրք Դեսպանը
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտարարութիւն չկատարեց:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

