Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կը Մերժէ Սուրիոյ Դէմ Գործուելիք Որեւէ Բռնարարք

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը նշեց, որ նկատի ունենալով շրջանին մարտահրաւէրները, Լիբանանի մէջ տիրող սառած իրավիճակն ու երկրին ճակատագիրին սպառնացող սահմանադրական հաստատութիւններուն տեղքայլը, ներքին հարցերը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պատասխանատուութիւնը կը նկատուին:

«Այդ ուժերն էին, որոնք պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանի նիստերն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչ որ ցուցանիշ է, որ քաղաքական այդ ուժերը կը միտին անիշխանութիւն ստեղծել», նշուեցաւ պլոքին կողմէ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը մերժեց Սուրիոյ դէմ գործուելիք որեւէ բռնարարք` շեշտելով, որ Սուրիոյ դէմ բռնարարքը կամ բռնարարք գործելու սպառնալիքը կազմակերպուած եւ ուղղակի ահաբեկչութիւն կը նկատուի, շրջանին եւ անոր բնակչութեան մարտահրաւէր կը նկատուի, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային ապահովութեան դէմ սպառնալիք:

Սուրիոյ դէմ ամերիկեան բռնարարքներուն նպատակը կարելի չէ քողարկել. այդ բռնարարքներուն նպատակն է շրջանին մէջ Իսրայէլի բազուկը եւ Արեւմուտքին խօսքը պարտադրել:

«Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին կողմէ Սուրիոյ տագնապին ուղղակի միջամտելու հանգրուանը կը փաստէ, որ Սուրիոյ տագնապը դաւադրական օղակ մըն է` շրջանին տիրութիւն կատարելու ռազմավարական ծրագիրին», ընդգծեց պլոքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )