Շարպել. «Լիբանան Դժուար Հանգրուան Մը Կը Դիմագրաւէ»
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ «Պիել»-ի մէջ քաղաքապետարաններու ոստիկաններու գործունէութիւնը աշխուժացնող ծրագիրին սկիզբը յայտարարեց:
Իր արտասանած խօսքին մէջ Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան դժուար հանգրուան մը կը դիմագրաւէ` նշելով, որ քաղաքապետարաններուն դերակատարութիւնը ապահովական կառոյցներուն դերակատարութիւններէն աւելի նուազ չէ:
Շարպել նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ որդեգրուած ծրագիրը այսօրուընէ իսկ գործադրութեան պէտք է դրուի:
Շարպել շեշտեց, որ իրենք պէտք է դիմեն կանխարգիլող ապահովական ծրագիրներու, որովհետեւ Լիբանանի դիմագրաւելիք ապահովական մարտահրաւէրները բաւական լուրջ պիտի ըլլան:
Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն` Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի բնակչութեան կէսը օտարներ են, եւ այդ է հիմնական պատճառը երկրին մէջ ստեղծուած ապահովական եւ տնտեսական հարցերուն:
Շարպել ընդգծեց, որ Լիբանան հասած է աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթական: