Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Տնօրէնութեան Հիմնադրութեան 68-ամեակի Նշում
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հիմնադրութեան 68-ամեակի նշումին առիթով, երէկ նշեալ կառոյցի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի ու ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի:
Այս առիթով նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը` շեշտելով, որ ապահովական կառոյցներն ու անոնց գործունէութիւնը լիբանանցի պատասխանատուներուն առաջնահերթութիւնները կը նկատուին:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ սահմանադրական հաստատութիւնները կը շարունակեն օժանդակել այդ կառոյցները եւ անոնց կարողութիւնները հզօրացնել:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց մշակելու ազգային պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը` հզօրացնելով երկրին զինուորական կարողութիւնները եւ օգտուելով Դիմադրութեան կարողութիւններէն:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն` կազմելու երկրին կառավարութիւնը եւ աշխուժացնելու սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը:
Անդրադառնալով Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին` նախագահ Սլէյման ողջունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան ջանքերը` շեշտելով, որ ժամանակը հասած է արդէն վերջ տալու մարդկային այդ տանջանքին:
Իր կարգին, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ վեր առաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան նահատակ զինուորներուն յիշատակը` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը օժանդակած է լիբանանեան պետութեան հաստատութիւններուն կազմաւորման:
Ապպաս յայտնեց, որ այս պահուն, երբ լիբանանցիներուն միջեւ երկփեղկումը կը սրի, անոնք կը կորսնցնեն հզօրանալու կարելիութիւնները եւ կը խրին համայնքային ու յարանուանական խտրութեան տիղմին մէջ:
Ան խոստացաւ, որ այդ երկփեղկումին ներքեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը պիտի մնայ միակամ եւ լիբանանցիները իրարու կամրջող կառոյց:


