Պաապտայի Պալատին Մէջ. «Կառավարութեան Նոր Կազմի Մը Պատկերացում Չունինք Տակաւին» Ըսաւ Վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Սալամ` նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպումէն ետք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Վարչապետ նշանակուելէն հինգ ամիս ետք, Սալամ երէկ նախագահական պալատէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ կառավարութեան նոր կազմի պատկերացումներ տակաւին չկան:

Ան աւելցուց, որ երկրին մէջ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն պիտի չկազմուի, ինք իր ստանձնած պարտականութենէն պիտի չհրաժարի եւ կառչած պիտի մնայ այս կամ այն քաղաքական կողմին կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի իրաւունք չտալու իր կեցուածքին:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ թէեւ ոչ մէկ նորութիւն կայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին պարագային, սակայն ինք պիտի չյուսալքուի, պիտի չհրաժարի իր պարտականութենէն:

Ան հաստատեց, որ ինք կը փորձէ համադրել քաղաքական ուժերուն նախապայմանները` կազմել կարենալու համար կառավարութիւնը:

Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը պիտի շարունակուին:

Վարչապետ Սալամ ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մնայուն ջանքերը` երկրին դիմագրաւած տարբեր հարցերուն լուծումներ գտնելու առումով:

Անդրադառնալով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր ունեցած հանդիպումին` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ այդ հանդիպումները միշտ ալ կ՛ըլլան եւ մնայուն խորհրդակցութիւններ կան անոր հետ:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի այցելեցին արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ նախկին նախարար Ֆարես Պուէյզ:

Քննարկուեցան Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ապահովական իրադարձութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES