ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական Միութեան Ցոյցը Չկայացաւ
ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան երէկ նախատեսուած բողոքի ցոյցը տեղի չունեցաւ:
Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ցոյցը յետաձգուած է անորոշ ժամանակով, քանի որ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ ցոյցեր կ՛ընթանան նախագահական նստավայրին մօտ, եւ իրենք կը սպասեն հետագայ զարգացումներուն:
CATEGORIES Հայկական