Ըստ Միացեալ Նահանգներուն. Երկիրները Իրաւունք Ունին Ընտրելու Սեփական Ճամբան

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնեայ մը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Ուաշինկթընի թղթակից Ռիչըրտ Սոլաշին յայտնեց, որ բոլոր երկիրները իրաւունք ունին ընտրելու տնտեսական համարկման եւ զարգացման սեփական ճամբան` իրենց ազգային շահերուն համաձայն:

Մեկնաբանելով Մաքսային միութեան անդամակցելու եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ձեւաւորման մասնակցելու Հայաստանի որոշման մասին նախագահ Սերժ Սարգսեանի Նովօ Օկարիովոյի մէջ կատարած յայտարարութեան` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան յայտնեց, որ ոչ մէկ երկիր իրաւունք ունի որոշելու այլ երկրի մը քաղաքական եւ տնտեսական կողմնորոշումը, ոչ ալ որոշելու, թէ ի՛նչ դաշինքներու եւ առեւտրական համաձայնագիրներու կրնայ միանալ այդ երկիրը:

«Մեզի կը քաջալերէր Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն աւարտը, քանի որ ատիկա կը նպաստէր Հայաստանի արդիականացման եւ բարեփոխման», շարունակեց ամերիկացի դիւանագէտը:

Ընդգծելով, որ Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, որ ինքը պէտք է որոշէ իր ուղեգիծը, պաշտօնեան աւելցուց, որ այս որոշումները կենսական կարեւորութիւն ունին, եւ անոնք հայաստանցիներուն ու Հայաստանի որոշելիք հարցն են:

«Մենք կը խրախուսենք Հայաստանին հաւատարիմ մնալ քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովութեան մարզերուն մէջ իր շարք մը յանձնառութիւններուն եւ ամէնէն կարեւորը` իր նուիրուածութեան հետագայ ժողովրդավարացման, քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումներուն եւ եւրոպական համարկման», եզրափակեց ամերիկացի դիւանագէտը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )