Բողոք` Մաքսային Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Դէմ
Երէկ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստը: Ոստիկանական խիստ հսկողութիւն սահմանուած էր շէնքին շուրջ: Մելիք-Ադամեան-Տիգրան Մեծ խաչմերուկը փակ էր եւ ոստիկանները ոեւէ քաղաքացիի թոյլ չէին տար շարժիլ դէպի Մելիք Ադամեան փողոց:
Խումբ մը ցուցարարներ կը բողոքէին Մաքսային միութեան անդամակցելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշման դէմ` վանկարկելով «Ազատ, անկախ Հայաստան»:
«Երկիր»-ի թղթակիցը փոխանցեց, որ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան սահմանուած խիստ հսկողութիւնը բացատրած է այն հանգամանքով, թէ հաշուի առնուած են Բաղրամեան 26-ի նախանցեալ օրուան ցոյցը եւ բողոքողներու կոչերը:
Ուշագրաւ էր, որ ոստիկաններու թիւը քանի մը անգամ աւելի էր, քան լրագրողներուն եւ ցուցարարներուն թիւը:
Գրասենեակին մօտէն ոստիկանները բերման ենթարկեցին Վրէժ Զատիկեանը: «Երկիր»-ի լրագրողը տեղեկացուց, որ մինչեւ բերման ենթարկուիլը` Զատիկեան բաւական լարուած զրոյց ունեցած է Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանի հետ:
Վերջինս լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ մինչեւ ինք երիտասարդին մօտենայ` ոստիկանութեան աշխատակիցները անոր բազմիցս դիտողութիւններ ըրած են, բայց ան մերժած է կատարել ոստիկանութեան պահանջները:
Նշենք, որ Վրէժ Զատիկեան Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեանի քրոջ որդին է:
Յայտնենք, որ Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինը մեծամասնութեամբ հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումին: