Եւրոպական Յանձնաժողով. «ԱՊՀ-ն Եւ Եւրոպական Միութեան Ազատ Առեւտուրի Գօտին Համատեղելի Են»

Եւրոպական յանձնաժողովը իր պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր, հաշուի առնելով Հայաստանի տուած որոշումը, համատեղելի որակած է Եւրոպական Միութեան հետ ազատ առեւտուրի գօտիին մէջ ներգրաւուիլն ու ԱՊՀ-ի շրջանակներուն մէջ տնտեսական համագործակցութիւնը. «Այս տարուան յուլիսին` 3,5 տարի ետք, մենք աւարտեցինք Հայաստանի հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի (ներառեալ խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտին) շուրջ բանակցութիւնները: Այդ համաձայնագիրը Հայաստանին թոյլ պիտի տայ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ յառաջ մղել համապարփակ արդիականացման ու բարեփոխումներու ծրագիրը` հիմնուած ընդհանուր արժէքներու, քաղաքական ընկերակցութեան ու տնտեսական համարկումին վրայ»:

«Մենք նկատի պիտի ունենանք Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի ակնյայտ ցանկութիւնը: Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք, որ Հայաստանէն լաւագոյնս հասկնանք իրենց մտադրութիւնները եւ թէ ինչպէս իրենք կը ցանկան ապահովել համատեղելիութիւնը ատոր եւ Ընկերակցութեան ու խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրներով իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES