Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զբաղեցէք ձեր գործերով` առանց քննադատելու ուրիշներուն ըրածը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ոչ ոք քու տեղդ կ՛աշխատի. ինչ որ կրնաս ընել, անձամբ կատարէ` առանց տրտնջալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սիրոյ մէջ չէք արտայայտուիր, հետեւաբար ձեր սիրելին կը կարծէ, որ վստահութիւն չունիք իր վրայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ծնողներ պէտք է ընդունին իրենց զաւակներուն տարիքային փոփոխութիւնը, հետեւաբար պէտք է հաշտուիլ կացութեան հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օդափոխութեան կարիքը ունիք: Ամառնային այս օրերէն օգտուեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Զգուշացէք գողերէ եւ ստահակներէ: Մի՛ գնէք այնպիսի բաներ, որոնք անհրաժեշտ չեն: Ուշադիր եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յստակօրէն արտայայտեցէք ձեր բաղձանքները, եթէ նոյնիսկ անոնք չեն համապատասխաներ ուրիշներուն ճաշակին կամ կարծիքին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Չափազանցութիւնը կրնայ քանդել ձեր առողջութիւնը: Բուժումի մը հետեւեցէք մաքրելու համար ներքին թոյները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր բարեկամներուն ժամանակ տրամադրեցէք: Անոնց ներկայութենէն օգտուեցէք, որպէսզի ուրախ մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընդունեցէք, որ կան աւելի օժտուած անձեր` կարգ մը մարզերու մէջ: Ընդունեցէք այն իրողութիւնը, որ ամէն բանի մէջ առաջինը չէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ ջղային էք, հանդարտեցէք: Խաղաղ անկիւնի մը մէջ զուարճացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոխանակ աւելցնելու ձեր անձկութիւնը` ժամանակ դրէք մտածելու: Այսպիսով կը լուծէք ձեր մտահոգութիւնները: