50 Տարի Առաջ (7 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական

Կրթական Հարցեր

Մօտ ամիս մը ետք դպրոցները կը վերաբացուին Լիբանանի մէջ: Ծնողները արդէն մտմտուքի մէջ են` իրենց զաւակներուն դաստիարակութեամբ մտահոգ: Ոմանց համար վարժարանի մը ընտրութեան հարցն է, ուրիշներու` վերաքննելիներու խնդիրը, իսկ բոլորին համար` կրթաթոշակներու եւ դասագիրքերու տարապայման սղութիւնը:

Գրեթէ ոչ մէկ հակակշիռ գոյութիւն ունի դասագիրքերու գինին վրայ: Լիբանանեան մամուլը յաճախ ձայն կը բարձրացնէ այս մասին եւ կը պահանջէ, որ պետութիւնը անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առնէ դարման մը գտնելու համար այս կացութեան, բայց տակաւին որեւէ լուրջ քայլ չէ առնուած այս ուղղութեամբ:

Ընդհանրական բնոյթ կրող այս հարցը, որ կը հետաքրքրէ բոլոր ծնողները, անշուշտ նիւթական խնդիր մըն է եւ կու գայ երկրորդական գիծի վրայ` բաղդատած այն միւս մտահոգութիւններուն, որոնք ծնունդ կ՛առնեն ամէն վերամուտի նախօրեակին:

Լիբանան, իր կառոյցով եւ ընկերային կարգուսարքով առանձնայատուկ երկիր, կ՛ընծայէ դաստիարակութեան այլազանութիւն մը, որ ունի  թէ՛ իր առաւելութիւնները եւ թէ՛ իր անպատեհութիւնները: Առաւելութիւն` այն իմաստով, որ պետական օրէնքներու կողքին, ամենայն ազատութիւն կը տրուի քաղաքացիներուն` ընտրելու իրենց նախընտրած մշակոյթը` այդ ուղղութեամբ զարգացնելու համար իրենց զաւակներուն ուսումը: Անպատեհութիւն, որովհետեւ այդ այլազանութենէն ծնունդ կ՛առնեն որոշ դժուարութիւններ, որոնք թէ՛ կրթական հաստատութիւններունն են եւ թէ՛ աշակերտութեան:

Լիբանանի բոլոր քաղաքացիներուն յատուկ այս խնդիրները կը կարօտին պետական լուծումներու, եւ վստահ ենք, որ ժամանակը հետզհետէ պիտի ստիպէ, որ յարմարագոյն կարգադրութիւնները ըլլան:

Զուտ լիբանանեան այս հարցերու կողքին, հայ կեանքը ունի իր սեփական մտահոգութիւնները` կրթական գետնի վրայ: Ճիշդ է, որ տասնամեակ մը առաջ տիրող կացութեան հետ բաղդատելով` կրթական գործը մեծ զարկ ստացած է մեր գաղութին մէջ: Ոչ միայն աւելցած է վարժարաններուն թիւը` աշակերտութեան թիւին համապատասխան բարձրացումով, այլ նաեւ հաստատութիւններու անձուկ պայմանները յաճախ փոխուած են նպաստաւոր պայմաններու` դպրոցական նոր շէնքերու կառուցումով եւ արդիական վարժարաններու յատուկ կարգուսարքով: Այդ բոլորին հետ մէկտեղ` բարձրացա՞ծ է նաեւ կրթական մակարդակը: Տեղ-տեղ` այո՛, բայց ընդհանրապէս մեծ փոփոխութիւններ չենք տեսներ, եթէ անշուշտ չենք հաստատեր որոշ նահանջներ եւ ընկրկումներ, որոնք մասնակի երեւոյթներ են:

Իւրաքանչիւր վերամուտի կարգ մը ծնողներ կը գտնուին իրենց զաւակները հայկական կամ օտար վարժարաններ ղրկելու երկընտրանքին առջեւ: Իւրաքանչիւրը ունի իր փաստարկութիւնները: Յարգելի կամ ոչ` այդ փաստարկութիւնները կը կորսնցնեն իրենց ուժը հիմնական անհրաժեշտութեան մը առջեւ. հայեցի դաստիարակութիւնը պէտք է հիմը կազմէ իւրաքանչիւր հայ տղու կամ աղջկան, որքան ալ գործնական կեանքի կարգ մը պահանջներ տարբեր ուղղութեան մը կարիքը զգացնեն:

Ինչ որ ալ ըսուի, հայութեան համար կորսուած տարրեր են (յարգելով բացառութիւնները) այն երիտասարդները, որոնք առաջին մէկ օրէն յաճախած են օտար վարժարան: Թէեւ կը խօսին հայերէն, բայց հայութեան զգացումը չունին, հաղորդ չեն անոր մշակոյթին, պատմութեան եւ անցեալին:

Այդպիսիները կրնան տարիներով չզգալ այն ողբերգութիւնը, որ իրենցն է, բայց կու գայ պահ մը, անպայմա՛ն, երբ կ՛ունենան ափսոսանքը ազգային հոգեկան գանձի մը ժառանգորդները ըլլալու:

Ոեւէ ծնող իրաւունք չունի այդ ողբերգութեան պատասխանատուն ըլլալու, որովհետեւ կամաւոր այդ ուծացումը, հոգեկան այդ օտարացումը իր պատկանած ժողովուրդին տրուած ծանրագոյն հարուածն է անկասկած:

Կասկած չունինք, որ այս ուղղութեամբ հայ մամուլը մեծ դեր ունի կատարելիք, մանաւանդ` վարանողները սրտապնդելու եւ ցոյց տալու այն ուղին, որուն պէտք է հետեւին հայ ծնողները` իրենց զաւակներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )