Անուններու Խաղը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ ափրիկեան մասսայ ցեղախումբին մանուկներ իրենց «իսկական» անունը կը ստանան իրենց ծնունդէն քանի մը տարի ետք:

Ի՜նչ լաւ: Գարնանային արձակուրդին ժամանակն է: Սակայն 11 տարեկան Սիլվիա Սոյթ իր ամառնային հագուստները չի պատրաստեր դէպի ծովափ իր ընկերուհիներուն հետ պտոյտ մը ընելու համար: Ան իր Մարա Հիլզ ակադեմիայի իր գիշերօթիկնոցէն դէպի տուն` Քենիոյ մէջ Օլեսեր գիւղը կ՛ուղղուի: Ան իր ծննդավայրը կ՛երթայ, որովհետեւ հոն տեղի պիտի ունենայ մասսայ անուանելու արարողութեան տօնակատարութիւնը:

Մօտաւորապէս հազար տարիներէ ի վեր մասսայ ցեղախումբը շրջած է արեւելեան Ափրիկէի խոտերով ծածկուած տափաստաններուն մէջ, իրենց անասունները քշելով խոտերով ծածկուած բլուրներուն վրայէն, ջուրի աղբիւրէ մը այլ ջուրի աղբիւր: Սակայն 20-րդ դարու ընթացքին փոխադրութեան միջոցներու եւ արհեստագիտական փոփոխութիւնները ազդած են Քենիոյ եւ Թանզանիոյ մէջ գտնուող մասսայ ցեղախումբերուն վրայ: Կարգ մը մասսաներ լքած են իրենց գիւղերը` քաղաքային կեանքը նախընտրելով: Այս ձեւով Սիլվիային նման բազմաթիւ մանուկներ կ՛երթան արդի դպրոցներ, կը գործածեն ե-նամակներ եւ բջիջային հեռաձայններ: Հակառակ ասոր, մասսայները իրենց սովորութիւնները կենդանի կը պահեն:

* * *

 

 

 

 

 

 

 

 

Անուանակոչելու արարողութիւնը շատ կարեւոր ժամանակ մըն է մասսայ մանուկի մը կեանքին մէջ: Մօտաւորապէս 2 կամ 3 տարեկանին, մասսայ մանուկները կը հրաժարին իրենց ծնունդին տրուած ժամանակաւոր անունէն եւ կը ստանան անուն մը, որ պիտի պահեն իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Ընտանիքին շատ մօտ երկու անձեր կ՛օգնեն լաւ անուն մը ընտրելու: Այդ անունը իւրայատուկ պէտք է ըլլայ. ընտանիքէն ուրիշ անդամներու անուններ գործածելը արտօնուած չէ:

Մանուկը կը նստի իր մօր կողքին, եւ անոր մեծ մայրը երկուքին գլուխը կ՛ածիլէ: Ապա մանուկը ցեղախումբին կը ներկայացուի, առաջին անգամ ըլլալով, իր նոր անունով: Ձեւով մը, ասիկա կեանքին մէջ նոր սկիզբ մըն է մանուկին համար:

Գիւղին անդամները այս արարողութեան անհամբեր կը սպասեն, ինչպէս` դուրսի աշխարհի փոքրիկները տարեդարձի հաւաքոյթի մը: Այս առիթով Սիլվիա կը դնէ ապարանջաններ եւ երեք հատ շուքաներ` գունաւոր կերպասի կտորներ, որոնք կը ծածկեն անոր ուսերն ու մարմինը: Սիլվիա եւ իր տարիքի միւս մանուկները կը պարեն եւ իրենց սիրած երգերը կ՛երգեն:

 

Եթէ Մասսայ Փոքրիկ Մը Ըլլայիր…

  • Պիտի ուտէիր այծի միս եւ խմէիր թարմ կամ պահածոյ կաթ:
  • Պիտի ապրէիր մէկ սենեակով տնակի մը մէջ, որ շինուած է թրիքի, ցեխի եւ յարդի խառնուրդով մը:
  • Ճաշ պիտի եփէիր եւ կրակին համար ճիւղեր հաւաքէիր, եթէ աղջիկ ըլլայիր. մինչ մանչերը կը զբաղին անասնաբուծութեամբ:
  • Պիտի հագուէիր շուքաներ` գունաւոր կտորներ, որոնք կը փաթթուին մարմինին շուրջ, նաեւ պիտի զարդարուէիր գոհարեղէններով:
  • Պիտի զբաղէիր նետեր եւ նիզակներ արձակելով պահմտոցի խաղալով:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Կը պատահի, որ հունտ մը հովի միջոցով թռչի ովկիանոսին վրայէն եւ ծլի ուրիշ ցամաքամասի մը վրայ:
  • Նիւ Եորքէն արուեստագէտ մը իբրեւ արուեստի գործ կը ծախէ թափանցիկ քառակուսի տուփեր, որոնք աղբ կը պարունակեն: Գին` 100 տոլար:
  • Նոր Քալիֆորնիոյ մէջ ագռաւներ կը շինեն գործիքներ` յատուկ ձախ կողմէն կամ աջ կողմէն գործածուելու համար:
  • Եթէ հազալու ժամանակ ասեղի ծակոց մը ստանաս, կրնաս չզգալ անոր պատճառած ցաւը:
  • Չղջիկներուն մեծ մասը չի կրնար թռչիլ գետնէն ընթանալով:
  • Գոյութիւն ունի առանց թեւերու մրջիւն մը, որ կրնայ օդին մէջ թռչիլ մինչեւ 27 մեթր բարձրութեան վրայ:
  • Նեշընալ ճիոկրաֆիք» կայանէն խումբ մը գործածած է Հելոմով ուռեցուած 300 փուչիկներ` բարձրացնելու համար ոչ շատ ծանր տուն մը… մէջի բնակիչներով բարձրացնելով մինչեւ 3,500 մեթր, ներշնչուելով «Ափ» գծանկարային ժապաւէնէն:
  • Լոյսը հազարաւոր տարիներու կը կարօտի ճամբորդելու համար արեւուն կորիզէն մինչեւ անոր մակերեսը:
  • Մեր մորթին բջիջները կը թափին, եւ նորերը զանոնք կը փոխարինէն ամէն ամիս:
  • Էյֆելի աշտարակը ամէն եօթը տարին անգամ մը կը ներկուի:
  • Երբ անջրպետին մէջ կ՛ըլլան, բազմաթիւ աստղանաւորդները փափաքը կ՛ունենան թապասքօ կծու թացան ուտելու:
  • Դօդօշները ակռայ չունին:

 

 

Փառատօներ

 

Ուղտերու Գեղեցկութեան Մրցանք

(Մատինաթ Զայէտ, Էմիրէյց)

Դեկտեմբեր ամսուն է, որ այս իւրայատուկ մրցանքը տեղի կ՛ունենայ: Դատակազմը շատ յատուկ չափանիշներու կը հետեւի դատելու համար 24 հազար ուղտեր պինդ ականջներ օրօրուող վարի շրթունք եւ բարձր ու երկու կողմերը հաւասար սապատ:

Հոլի

(Հնդկաստան)

Փախչի՛ր: Կամ ո՛չ, նախընտրելի է չփախչիլ, որովհետեւ այս տօնակատարութեան ամէնէն հաճելի բաժինն է գլուխէն մինչեւ ոտքերը փոշի ներկերով ծածկուիլ:

Հինտուները այս տօնը կը նշեն գարնան: Մեծ խարոյկ մը վառելէն ետք, մարդիկ իրարու ետեւէ կը վազեն փողոցներուն մէջ իրարու վրայ ջուր եւ վառվռուն գունաւոր փոշի ներկեր սրսկելով. ամբողջ քաղաքը կարծէք կը ծածկուի շարժուն ծիածանով մը:

* * *

Վիշապ Նաւերու Փառատօն

(Չինաստան, Մալեզիա, Սինկափուր)

Այս փառատօնին ընթացքին կրակ չի վառուիր, սակայն անիկա շատ տաք մրցումն մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ վիշապէ ձեւով նաւերու միջեւ: Նաւուն մէջի 20-22 «նաւաստիները» պիտի փորձեն առաջինը կտրել վերջնագիծը:

Այս փառատօնները ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան յունիսին` ի պատիւ 2,300 տարիներ առաջ չին հերոսի մը: Իւրաքանչիւր նաւու մէջ նստած կ՛ըլլայ թմբկահար մը, որ իր զարկերու կշռոյթով կը քաջալերէ նաւարկողները:

* * *

Տոկուն Դիմակներու Փառատօն

(Մալի)

Մալիի տոկուն ցեղախումբի մարդիկ այս շատ հարուստ ձեւով աշխատցուած դիմակները կը դնեն գարնան  ընթացքին տեղի ունեցող տարբեր փառատօներու ընթացքին` օգնելու համար իրենց ցեղախումբին մահացած անդամներուն ոգին դէպի միւս աշխարհ անցնելու:

Պարողները կը հագնին դիմակներ, որոնք կը ներկայացնեն` կապիկներ, նապաստակներ եւ ուրիշ էակներ:

* * *

Լա Թոմաթինա Փառատօնը

(Պունիոլ, Սպանիա)

Օգոստինոս ամսուն է, որ սպանական Պունիոլ քաղաքին փողոցներուն մէջ կը թափուի 50 թոն լոլիկ, եւ ամբողջ քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ լոլիկի հսկայական «պատերազմ» մը: Այս սովորութիւնը, որ սկսած էր 1940-ական թուականներուն` իբրեւ փոքրիկ տօնակատարութիւն մը, այժմ աշխարհի չորս կողմերէն 40 հազար այցելուներ կ՛ընդունի այդ փառատօնին ընթացքին:

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս այս բարի մեղուին ճամբան ցոյց տալ` իր բարեկամներուն քով հասնելու, առանց միջատներուն դէմ դեղերուն դիմաց ելլելու:

Թիւ 1, 2 եւ 3 նկարներուն եւ առաջին նկարին միջեւ գոյութիւն ունին երեք տարբերութիւններ: Կրնա՞ս գտնել զանոնք:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կատուները:

Կրնա՞ս թիւերուն տախտակը ամբողջացնել թիւերը իրենց համապատասխան տեղերը դնելով:
զանոնք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )