Խաչատուր Վրդ. Կեսարացի Հիմնադիր Ն. Ջ. Սբ. Ամենափրկիչ Վանքի Տպարանի Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ 

Ինչպէս արդէն յիշեցինք, Խաչատուր վարդապետ վախճանեցաւ 1646-ին, երբ տակաւին 56 տարեկան էր եւ թաղուեցաւ Նոր Ջուղայի Սբ. Ամենափրկիչ վանքի եկեղեցւոյ խորանին տակը գտնուող նկուղին մէջ: Անոր գերեզմանը շուտով դարձաւ սուրբի ուխտատեղի հաւատացեալներու համար: Ուխտաւորներ` Պարսկաստանի զանազան քաղաքներէն ու գիւղերէն, մինչեւ հեռաւոր Հնդկաստանէն ու Ծայրագոյն Արեւելքէն կու գային այցելելու անոր գերեզմանը, ծնրադրելու անոր տապանաքարին առջեւ` բժշկութիւն հայցելու իրենց զանազան հիւանդութեանց համար:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ տապանաքարին համեստ արձանագրութիւնը:

«Ի հանգստի աստ ամփոփի,
Մաքուր մարմին վարդապետի,
Խաչատրոյ Սրբազանի,
Հետեւողի Տեառն Յիսուսի,
Որ էր տեղեաւ Կեսարացի,
Գործով սուրբ, հեզ եւ արի,
Բարձրեալ յուս զլուծ Քրիստոսի,
Առաջնորդէ նորին հօտի,
Երեսնամեայ յայս գործ յանձնի,
Սմա նստիլ յայսմ աթոռի,
Կրէ յանձին զվարս անմարմնի,
Մնայ մինչեւ յիսուն վեցի,
Յաղցաւորացս նա զատի,
Հազար Ղ (90) եւ Ե (5) թուի:

Այս արձանագրութենէն կը տեղեկանանք, որ ան 30 տարեկանին ստանձնած է առաջնորդական պաշտօնը, կենցաղով ու գործով եղած է սրբակեաց, հեզ ու խոնարհ եւ միաժամանակ արի ու քաջ առաջնորդ: Վանքին վանահայրութիւնը եւ թեմի առաջնորդութիւնը վարած է 26 տարիներ, հաւանաբար` մէկ տարի ընդմիջումով, երբ 1630-ին Լեհաստան ուղարկուած էր որպէս հայրապետական նուիրակ: Հետագային անոր կողքին թաղուած է նոյնքան սիրուած եւ համբաւաւոր, իր սիրելի աշակերտն ու յաջորդը, Դաւիթ վարդապետը: Անոնց շիրիմներուն վրայ սուրբ պատարագ կը մատուցուի դարերէ ի վեր, մինչեւ այսօր:

Խաչատուր վարդապետ առ հասարակ ծանօթ է վանքի թանգարանի հիմնադիր, համբաւաւոր գեղանկարիչ` Սարգիս Խաչատուրեանի ձեռամբ 1933-ին պատրաստուած իւղանկարով, որ ըստ թանգարանի հին տոմարի արձանագրութեան, առաջնորդարանէն  փոխադրուած է թանգարան եւ այնտեղ ցուցադրուած է` աւելի քան 40 տարիներէ ի վեր, անոր վրձինին պատկանող կարգ մը հետաքրքրական այլ նկարներու հետ:

Վանքի թանգարանի երկյարկանի նոր շէնքին կառուցումը տեղի ունեցած է 1971-ին. իսկ 1977-ին անոր դրան երկու կողմերը տեղադրուած են Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Խաչատուր Կեսարացիի գեղեցիկ կիսանդրիները, որոնց հեղինակն է յայտնի քանդակագործ, իրանահայ Զաւէն Այվազեանը: Ուստի, իւրաքանչիւր թանգարան այցելող առաջին հերթին կը ծանօթանայ հայ գիրի ու գրականութեան, հայերէն գիրքի ու տպագրութեան զոյգ ռահվիրաներուն հետ, որոնք իրենց անջնջելի դրոշմը ձգած են հայ ժողովուրդի մշակոյթի պատմութեան մէջ:

Արդէն շուրջ 12 տարի է, որ ես մարմնապէս բաժնուած եմ Նոր Ջուղայէն, անշուշտ` առանց երբեք մոռնալու Ս. Ամենափրկիչ վանքն ու անոր խնամքին յանձնուած մեր եկեղեցւոյ զաւակները: Անցնող տարիներու ընթացքին, ուր որ ալ գտնուած եմ, առհասարակ իրանահայութիւնը եւ ի մասնաւորի երբեմնի շէն հայաքաղաք Ջուղան մաս են կազմած իմ էութեանս: Այդ պատճառով ալ միշտ կապս պահած եմ Ջուղայի հետ:

Քանի մը տարի առաջ, եթէ չեմ սխալիր 2007-ի յունուարին էր, երբ տակաւին կը գտնուէի Քուէյթ` որպէս կաթողիկոսական փոխանորդ Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի հայոց թեմին, ուրախութեամբ տեղեկացայ Խաչատուր վարդապետ Կեսարացիի փառաւոր արձանի տեղադրման մասին, վանքի մայր դրան դիմացը: Հետաքրքրական էր նաեւ այն պարագան, որ այս արձանի պատրաստութեան եւ տեղադրման նախաձեռնողը եղած էր Սպահանի քաղաքապետարանը, որ միաժամանակ հոգացեր էր արձանի պատրաստութեան եւ յարակից բոլոր ծախսերը: Արձանը քանդակողն ու ձուլողը եղած էր թեհրանաբնակ Ժինեթ Շահբազեանը:

Այս ուրախ լուրը իրապէս հրճուանքով լեցուց սիրտս: Հոգիի եւ միտքի աչքերով փոխադրուեցայ Նոր Ջուղա, պատկերացուցի երեւակայութեանս մէջ իրանցի եւ եւրոպացի զբօսաշրջիկները, որոնք վանքի դարպասէն ներս մտնելէ առաջ կանգնած են Խաչատուր Կեսարացիի արձանին առջեւ, կը նկարեն արձանը ու կը նկարուին արձանին հետ: Անոնց ընկերացող առաջնորդը կը ներկայացնէ արձանին տէրը` ըսելով, որ ասիկա արձանն է այն սրբակենցաղ, գիտնական հայ վանականին, Խաչատուր վարդապետ Կեսարացիի, որ այս վանքին մէջ հիմնեց Միջին Արեւելքի առաջին տպարանը 1636-ին եւ տպեց իր առաջին գիրքը «Սաղմոսարան»-ը 1638-ին:

Հիմա կը յիշեմ այն օրը, երբ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան այդ տարիներու  նախագահ` հոճճաթ էլիսլամ Ալի Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանին, որ Իսֆահան նահանգին տուած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Մէյտանէ Խոմէյնիի մէջ հաւաքուած շուրջ մէկ միլիոն ժողովուրդի ներկայութեան իր արտասանած պատմական ճառի ընթացքին յատուկ անդրադարձաւ հայութեան բերած կարեւոր նպաստին` Իսֆահանի արուեստի աշխարհին. այդ առիթով մասնաւորապէս յիշեց հայոց վանքին մէջ` Խաչատուր վարդապետ Կեսարացիին կողմէ հիմնուած, Միջին Արեւելքի առաջին տպարանի պարագան:

Այդ օր, ես նստած պետական բարձրաստիճան հիւրերու հետ, առաջին շարքի վրայ, մեծ գոհունակութեամբ ընդունեցի այաթոլլաներու ինծի ուղղուած գնահատական, սիրալիր ու ջերմ ժպիտները. սակայն նոյն պահուն ես կը մտածէի Խաչատուր Կեսարացիին եւ իր միա­բանակից եղբայրներուն մասին. երախտագիտութեան եւ սիրոյ զգացումներով լեցուած` ի խորոց սրտի կ՛աղօթէի անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար.

«Յաւիտենական յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»:

Եւ վերջապէս, հիմա, 45 տարիներ ետք, ինչպէ՞ս կրկին չյիշել 1968 տարուան այն երջանիկ առաւօտը, երբ Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան լայպրըրիի օրիենթըլ ռիտինկին մէջ  պրն. Պարեթը մօտս գալով հրաւիրեց զիս, ժամը 10:30-ին միասին սուրճ մը առնելու եւ նախքան մեկնիլը` խորհրդաւոր ժպիտով մը ըսաւ. «I have a pleasant surprise for you» (ձեզի հաճելի անակնկալ մը ունիմ):

Կարծեմ այդ հաճելի անակնկալն էր որ պատճառ դարձաւ, որ ես որոշեմ աւելի մօտէն ծանօթանալ` Օքսֆորտի համալսարանի Պոտլէեան լայպրըրիի մէջ յայտնաբերուած «Սաղմոս ի Դաւիթ» գիրքի տպագրութեան մանրամասնութիւններուն եւ Խաչատուր վարդապետ Կեսարացիի կեանքին ու գործին, որուն մէկ համառօտ պատկերն է այս ուսումնասիրութիւնը:

(Շար. 13 եւ վերջ)

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )