«Բիզնես»-ային «Լոկիքա»-ն
Արմենակ կը փնտռէ, եւ կը գտնէ տառապեցնող վիճակները:
Հայաստանէն վերադարձաւ: «Նորահայերէն» կը խօսի, երկու խօսքի միջեւ «բիզնես» կ’ըսէ, որ «բիզնես»-ը իր «լոկիքա»-ն ունի, «հացի լոկիքա»: «Բիզնես»-ական են` քաղաքագէտը, եկեղեցականը, աւազակը: Երրորդ մարդատեսակը կը տիրապետէ, միւս անունները շղարշ են, ո՛չ կը խաբեն ո՛չ կը համոզեն:
– «Ջրվէժ» թաղամասին մէջ Տենվըրի «բարեսիրական» միութեան հաւաքին հրաւիրեցին Էլպիսը եւ զիս: Երիտասարդ աղջիկ մը եւ տղամարդ մը եկան մեզ պանդոկէն տանելու: Ճամբու ընթացքին կը հետաքրքրուէի, թէ որո՞ւ կը պատկանէր «քաթր-քաթր» ինքնաշարժը: Ինքզինքս զսպեցի եւ չհարցուցի:
– Հրա՛շք,- ըսի:
– Դուրսէն եկած տասնեակ մը անձեր հոն էին, շուրջ երեսուն ալ` տեղացիներ: Ներկայացան, ներկայացուցին: Զեկուցումներ տուին: Երեսուն անձեր միութեան պաշտօնեաներ էին: Ի՜նչ մեծ գործեր կ’ընեն երեսուն մնայուն պաշտօնեայ ունենալու համար:
– Միջազգային կարմիր խաչն է՞ր:
– Ո՛չ, սիրելիս, ո՛չ, տարին անգամ մը կարիքաւոր դպրոցականներու տետրակ-մատիտ կը բաժնեն երեսուն պաշտօնեաներուն միջոցով, որոնց տրամադրուած են վեց ինքնաշարժներ, որպէսզի տարուան ընթացքին այցելեն ընտանիքներու: Անոնց մեծաւորը տեղեկագիր կարդաց, նիւթաբարոյական: Ան զանազան պատասխանատուութիւններ ունէր եւ իւրաքանչիւրին համար կը վճարուէր: Դրսեցիները սիրայօժար կ’աշխատէին, իսկ զանազան գլխարկներ ունեցողը իւրաքանչիւր աշխատանքի համար լիաբուռն կը վճարուէր: Ա՛լ չէի դիմանար, պիտի խօսէի, պիտի հարցնէի, որ ան մի՞թէ գերմարդ էր, «սիւփերմէն», բազմատաղանդ եւ բազմաշնորհ: Էլպիս հասկցաւ եւ ոտքի մատներս ճզմեց:
– Անցարգել երկրորդ:
– Դուրսէն եկող մը յանդգնեցաւ հարցնել, թէ եկած գումարները ծախսելը լաւ է, դիւրին է, բայց տեղւոյն վրայ ճիգ կ’ընե՞ն, նախաձեռնութիւն ունի՞ն: Մեր «ղեկավար»-ը բարկաճայթ նայուածք մը նետեց «հիւր»-ին ուղղութեամբ եւ ըսաւ, որ արդէն «շատ կը յոգնէին եւ հիմա ալ մուրացկանութի՞ւն պիտի ընէին»: Պահ մը լռութիւն տիրեց:
– Չհարցուցի՞ր, որ սփիւռքի մէջ, երբ դրամահաւաք կ’ըլլայ, մարդիկ մուրացկա՞ն կ’ըլլան:
– Սպասեցի: Լռութենէ մը ետք ան շարունակեց: Մէկ առ մէկ թուեց իր դերերը: Հաշուեցի. եթէ օրական քսանչորս ժամ ալ աշխատէր, չէր հասներ իր գործերուն: Բայց լռեցի, վախուորած անոր բարկաճայթ նայուածքէն: Բարեբախտաբար դուրսէն դրամահաւաքի պատասխանատու մը, յետոյ իմացայ որ հաշուապահութեան միջազգային մասնագէտ էր, խօսեցաւ. «Այսքան բեռ շատ ծանր է մէկ հոգիի ուսերուն, հարկ է պատասխանատուութիւններուն մէկ մասը առնել եւ տալ ուրիշի»: Գերմարդը այս անգամ ոչ միայն նայուածքով շանթահարեց բարեսիրական միութեան խեղճ անդամը, այլ գոռաց. «Դուք դուրսէն գալով` իմ հացի՞ս պատճառ պիտի ըլլաք»: Միւս քսանինը պաշտօնեաները թրջուած հաւու պէս լռած էին, իսկ դրսեցիները հարցը «անուշի կապեցին» լռելով: Իրենք դուրսը կրնան փքուիլ, որ տետրակ-մատիտ կը բաժնեն…
– Կը զարմանա՞ս: Դրկից-բարեկամներու կը հարցնե՞ս, թէ շաբաթը տասը անգամ ժողովի ինչպէ՞ս կ’երթան, ի՞նչ կը բանին քանի մը տեղերէ միաժամանակ ռոճիկ ստանալով: Արաբը կ’ըսէ` «հալալ ալ շաթեր»*: «Շաթեր»-ներ մեխուած կը մնան դիրքի, աթոռի եւ վճարումի վրայ: Մենք պիտի չփոխենք աշխարհի «շաթերական» կարգը: Գնա՛, Էլպիսին համով «փլաքի»ին վայելէ եւ քունդ մի՛ փախցներ:
Կեդրոնականցին ազնուական անուղղայ մըն է:
Մակար,
ի Պերիտոն, 20 օգոստոս 2013
* Բարի վայելում ճարպիկին