Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

ԱՔԱՍԻԱ

Երեւանի մէջ հրապարակային զրոյցի մը ընթացքին արծարծուած է Հայաստանէն արտագաղթողներուն հարցը:

Սփիւռքահայ ներկաները յայտնած են իրենց մտահոգութիւնը, իսկ զրուցավարը պատասխանած է.

– Մտահոգուելու ոչինչ կայ: Հայաստանէն մեկնողներուն փոխարէն` կը բերենք ասորիներ, ղպտիներ եւ այլ ժողովուրդներու զաւակներ:

Մեկնաբանութիւնը կը թողունք ընթերցողին:

Հասկցողին Շատ Բարե՛ւ

Այն ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները կը յանձնեն օտար վարժարաններու, թող լաւ իմանան, որ հայկական վարժարաններէն պետական քննութեանց մասնակցողները, պրըվէի թէ պաքալորէայի, արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն: Կան բազմաթիւ հայ աշակերտներ, որոնց ընդհանուր միջինը շատ բարձր ըլլալով` արժանացած են «լաւ», «շատ լաւ» եւ «գերազանց» աստիճանաւորումներու:

Աչքը լոյս` իրենց զաւակները հայկական վարժարաններուն վստահած մեր ծնողներուն:

«Արի Տուն» Կոչին Ընդառաջ

Յուլիս ամսուան ընթացքին բազմաթիւ հայորդիներ սփիւռքի զանազան գաղութներէն այցելեցին Հայաստան: Ոմանք վերադարձած են արդէն, ուրիշներ կը շարունակեն այցելութիւնը օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսներուն:

Մեր հայրենիքը չքնաղ երկիր է: Հիանալի բնութիւն ունի, օդն ու ջուրը` բացառիկ: Իր այս յատկանիշներուն համար զայն կոչած ենք «Հայաստան, երկիր դրախտավայր»: Վերադարձողները կը գովեն այս ամէնը, բայց կը յիշեն նաեւ այնպիսի տհաճ երեւոյթներ, միտք ու սիրտ պղտորող հարցեր… Ե՞րբ պիտի սրբագրուին սխալները, ե՞րբ պիտի չքանան ոճիրները, գողութիւնները եւ կաշառակերութիւնը: Յուսանք…

Ո՞ւր Են Մեր Նորածինները

Մեր մամուլը ամէն օր կը հրատարակէ ՄԱՀԱԶԴներ, ոչ միայն տարեց կամ ծերունի անձերու, այլեւ` արկածահարներու, անժամանակ մահացողներու: Վերջին քանի մը տարիներուն բազմաթիւ են մահացողները, բայց չենք իմանար, կամ հազուադէպօրէն կ՛արձանագրուին նոր ծնունդներու անուններ: Մեր թիւին անկումը մտահոգիչ է: Ո՞ւր են մեր մայրերը, ինչո՞ւ համար նուազած են մեր ընտանիքներու թիւը: Ինչո՞ւ թարմ ուժերով չենք հարստացներ մեր ազգը:

Յետեղեռնի օրերուն աւելի հարո՞ւստ էինք արդեօք, երբ իւրաքանչիւր տան մէջ կը խլրտային 5, 6, 7 եւ աւելի զաւակներ:

«Աւաղ փառացս անցաւորի…»:

Գնահատանքը Արդար Քննադատութիւն Է

Արժէքի մը գնահատանքը կատարելը կը պահանջէ ըլլալ արդար, ոչ կողմնակալ: Քննադատութիւնը չարախօսութիւն չէ, այլ արժեւորում` ըստ գնահատանքի: Օրինակ, մրցանքի մը ընթացքին դատական կազմին որոշած գնահատանքը եթէ տարբեր ըլլայ ժողովուրդին գնահատանքէն, անարդարութիւն մը պէտք չէ նկատել, ոչ ալ չարախօսութեան վերածել: Կարելի չէ մրցանիշներ տալ ըստ իւրաքանչիւր անձի ճաշակին, նկարագրային արտայայտութեան:

Գրականութեան պարագային, ընթերցողները կ՛ունենան խառնուածքային հետաքրքրութիւն: Մէկը կը սիրէ կարդալ բանաստեղծութիւն, ուրիշ մը արձակ, վէպ կամ պատմուածք, երրորդ մը գաղտնի ոստիկանական գրականութիւն, կամ` պատմական գրականութիւն: «Ճաշակները եւ գոյները վիճելի չեն», կ՛ըսէ իմաստուն խօսքը: Բղջախոհութիւնը եկեղեցին դասած է մեղքերու կարգին: Որքան լաւ է ըլլալ ողջախոհ…

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )