Խմբագրական «Հայրենիք»ի. Փառապսակ 22-ամեակ

Տեղին է մրոտել 22 տարի առաջ կատարուած պատմական իրադարձութիւններուն մասին: Այդ անմիջական յետկլասնոսթեան եւ յետփերեսթրոյքայական օրերուն փուլ եկած էր երբեմնի վիթխարին` Խորհրդային Միութիւնը: Եւ այս կացութեան արդիւնք` խորհրդային հանրապետութիւններ մէկիկ-մէկիկ սկսած էին դուրս գալ կաշկանդումէ եւ անկախութիւն հռչակել:

Օգոստոս 1991-ին վերջին փորձ մը կը կատարուէր, որ չկործանի այս գերպետութիւնը, սակայն այդ մետասաներորդ պահուն կատարուած յեղաշրջման փորձն ալ ապարդիւն դուրս եկաւ եւ Պալթեան երեք երկիրներու` Էսթոնիոյ. Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ, ինչպէս նաեւ Մոլտովայի եւ Վրաստանի կողքին, Հայաստան եղաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ անկախութիւն հռչակեց: Մինչդեռ մնացեալ ինը այդ յեղաշրջման ձախող փորձէն ետք է, որ յայտարարեցին իրենց անկախութիւնը, ներառեալ` Ազրպէյճան:

Այսպէս, Հայաստանը հռչակեց իր անկախութիւնը օգոստոս 31, 1999-ին: Ասոր  յաջորդեց հանրաքուէն, որ կատարուեցաւ սեպտեմբեր 21-ին: Այս անկախութիւնը  կ՛ընդգրկէր մօտաւորապէս երեսուն հազար քառակուսի քմ տարածութիւն մը, որուն բնականաբար մաս չէր կազմեր Արցախը, որ 1921-ին, մութ հաշիւներու արդիւնք, կցուած էր Ատրպէյճանի:

Հետեւաբար այդ օրերուն հայահոծ Արցախը, Հայաստանի մաս կազմած չըլլալով, միայն ինքն իր կարգին անկախութիւն յայտարարելով է, որ, դուրս պիտի գար ազերի գերիշխանութէնէն: Դեռ արցախցի հայորդիին համար դառն էր քանի մը ամիս առաջ շղթայազերծուած գրոհը` ազերի զինուած խմբաւորումներու եւ Խորհրդային բանակի գործակցութեամբ:

Եւ այսպէս, սեպտեմբեր 2, 1991-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մարզի եւ Շահումեան շրջանի խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը, որ հիմք ունենալով ապրիլ 3, 1990-ին որոշուած Խորհրդային Միութենէն դուրս գալու կարգի մասին օրէնքը` ինքնաբերաբար ընդունեց  հռչակագիրը, յաջորդաբար այդ շրջաններուն մէջ անկախութիւն հռչակելու, որուն անշուշտ կը յաջորդէր սահմանադրութեան 72-րդ յօդուածը, որով կը դիմուէր ժողովրդային քուէարկութեան` հանրաքուէին:

Ուրեմն, հոս տեղին է շեշտել, թէ Արցախի հանրապետութիւնը իր անկախութիւնը հռչակեց, յարգելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Խորհրդային Միութեան օրէնքը, ոչ մէկ խախտում կատարելով:

Անկախութիւնը հռչակուեցաւ սեպտեմբեր 2, 1991-ին, սակայն հանրապետութեան մաս կազմող որոշ տարածքներ` Շահումեանի շրջանը, ինչպէս նաեւ Մարտակերտի շրջանի հիւսիսային եւ Մարտունիի արեւելեան որոշ տարածքներ ցայսօր կը մնան բռնագրաւուած հողեր:

Մինչ այդ, այս փառապսակ 22-ամեակը կերտած արցախեան շարժումին եւ ազատագրական պայքարին մասին արդէն իսկ բազմիցս նշուած է եւ …դեռ պիտի նշուի:

Պոսթըն-Մասաչուսէց

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )