Օպամա Երեքշաբթի Օր Ուղերձ Մը Պիտի Յղէ Ամերիկացի Ժողովուրդին. Փութին Եւ Օպամա Կառչած Կը Մնան Սուրիոյ Հարցով Իրենց Կեցուածքներուն

Փութին եւ Օպամա

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Քսաններու խմբակի ղեկավարները Սուրիոյ հարցով գրեթէ հաւասար երկու մասի բաժնուած են: Ժողովի փակումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Փութին յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ դէմ որեւէ զինուորական հարուածի դէմ է եւ պետութիւններու մեծամասնութիւնն ալ անոր դէմ է, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու պապը»: Ան ըսաւ, որ գերիշխանութեան տէր պետութեան մը դէմ ուժի օգտագործումը անընդունելի է, իսկ ան որ ինքնագլուխ կերպով կը վարուի, միջազգային օրէնքէն դուրս կու գայ:

Փութին յայտնեց, որ ժողովի ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որ սիրալիր եւ դրական էր, «սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրս իր կարծիքին վրայ մնաց»` նշելով, որ «սուրիական հարցով որեւէ մերձեցում չեղաւ, սակայն երկխօսութիւնը կը շարունակուի. երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպում պիտի ունենան»:

Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ զինեալ ընդդիմադիրներու կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը արտաքին միջամտութիւն ապահովելու համար էր, եւ «Ռուսիա Սուրիոյ պիտի օժանդակէ, ինչպէս որ հիմա կ՛ընէ, մասնաւորաբար մարդասիրական մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ տնտեսական համագործակցութեան կողքին զէնքեր կը տրամադրէ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր կարգին ժողովի աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ աշխարհի հետզհետէ աւելի մեծ թիւով ղեկավարներ Ասատի վարչակարգը հաշուետուութեան կանչելու կարեւորութիւնը կ՛ընդունին: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քիմիական զէնք օգտագործելը միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան, Սուրիոյ դրացիներ Յորդանանի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Իսրայէլի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի կայունութեան կը սպառնայ»:

Օպամա յայտարարեց, որ երեքշաբթի օր Սուրիոյ հարցով ուղերձ մը պիտի յղէ ամերիկացի ժողովուրդին: Նշենք, որ Քոնկրեսը երեքշաբթի օր Սուրիոյ զինուորական հարուած հասցնելու վարչակազմին դիմումին շուրջ քուէարկութիւն պիտի կատարէ:

«Թունաւոր կազերէն աւելի քան 1400 անձ սպաննուեցան եւ անոնց աւելի քան 400-ը մանուկներ էին, ասիկա կացութիւն մըն է, որ մենք չհնարեցինք: Կարելի չէ ըսել, որ զայն հնարեցինք, որպէսզի պատերազմի դիմենք: Ամերիկայի նախագահ ընտրուեցայ պատերազմները կասեցնելու համար, ոչ թէ զանոնք շղթայազերծելու: Գոյութիւն ունին պահեր, երբ մեր համոզումներուն համար դժուար ընտրութիւններ պէտք է կատարենք. ասիկա այդ պահերէն մէկն է», ընդգծեց Օպամա:

Խօսելով Փութինի հետ իր հանդիպումին մասին` Օպամա ըսաւ, որ Սուրիոյ թղթածրարին շուրջ զրոյցը անկեղծ ու շինիչ եղած է, եւ «չէի նախատեսեր, որ անոր հետ Սուրիոյ հարցով նոյն կարծիքին ըլլամ»` աւելցնելով, որ «Փութինի հետ համաձայնեցայ, որ Սուրիոյ մէջ լուծումը միայն քաղաքական փոխանցման ճամբով է»:

Սպիտակ տան ղեկավարը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնը «ժամանակի եւ տարողութեան առումով սահմանափակ պիտի ըլլայ»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան դիմելու համար Քոնկրեսէն լիազօրութիւն ապահովելու հարցին մէջ դժուարութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ «այսպիսի միջամտութիւնները միշտ ալ ժողովրդականութիւն չեն վայելեր եւ փափաքելի չեն ըլլար»:

Դիւանագիտական Լարուածութիւն
Եւ Գայթակղութիւն

Փեսքով նախապէս յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Քսաններու խմբակի ղեկավարներուն հետ ունեցած հինգշաբթի գիշերուան աշխատանքային ճաշէն ետք հանդիպում ունեցած է Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է սուրիական խնդիրը, եւ կողմերը անգամ մը եւս այդ հարցին շուրջ միտքեր փոխանակած են:

Փեսքով նաեւ նշեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ ղեկավարներու կարծիքները երկուքի բաժնուած են: «Ճաշի ընթացքին պետութիւններու կէսը հանդէս եկաւ Սուրիոյ անյապաղ հարուած հասցնելու օգտին` անտեսելով միջազգային օրինական մարմինները: Սակայն միւս մասը կոչ ուղղեց միջազգային իրաւունքին դէմ  չերթալ ու չմոռնալ, որ միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ ուժի օգտագործման որոշում կայացնել», ըսած է Փեսքով:

Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշկով «Թուիթըր»-ի իր հաշիւին վրայ գրեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «պատերազմի նախագահ»-ի վերածուած է:

Ան ըսաւ, որ «ըսուեցաւ, որ Օպամա Սուրիոյ մէջ չ՛ուզեր պատերազմիլ, սակայն ան քանդեց այդ առասպելը… ան վերջնականապէս պատերազմի նախագահի` նոր Պուշի վերածուեցաւ»:

Իսկ Փութինի բանբեր Փեսքով ռուս լրագրողներուն յայտնեց, որ Բրիտանիա ներկայիս դիւանագիտութեան հետ կապ չունի` աւելցնելով, որ Բրիտանիան «պարզապէս փոքր կղզի մըն է… ոչ ոք անոր ուշադրութիւն կը դարձնէ»:

Քամերոն արձագանգելով իր երկրին հասցէին հնչած այս վիրաւորանքին ռուս լրագրողներուն յայտնեց, որ ինք չ՛ընդունիր, որ Փեսքով «ներկայ պահէն մեկնելով» այդ բառերը օգտագործէ:

Փեսքով ստիպուած եղաւ հերքել այն մեկնաբանութիւնները, թէ Ռուսիա Բրիտանիան հաշուի չ՛առներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը մերժեց Փութինի` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Սուրիոյ հարցին մէջ Քայիտայի դերակատարութեան մասին Քոնկրեսին սուտ խօսելու մասին յայտարարութիւնը: Նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի ակնարկելով Քերրիի Վիեթնամի պատերազմին մասնակցութեան յայտնեց, որ «ինչպէս բոլորդ գիտէք, նախարար Քերրի շքանշաններու արժանացած հին մարտականներէն է»` աւելցնելով, որ «անոր դէմ այս խօսքերէն աւելի մեծերը ըսուած են, ուստի Քերրի անճիշդ մէջբերումի վրայ հիմնուած այս անտրամաբանական եւ կատարելապէս սխալ յայտարարութենէն քունը չփախցուց»:

Նարիշքին. «Սուրիոյ Տագնապը Քննարկելու Համար
Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը
Քոնկրեսին Մօտ Պիտի Չուղարկենք»

Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ խորհրդարանը ետդարձ կատարած է Սուրիոյ տագնապը քննարկելու համար խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը Քոնկրեսին մօտ ուղարկելու գաղափարէն` նշելով, որ Քոնկրեսի ներկայացուցիչներուն իրենց ռուս գործընկերներուն հետ այս հարցով հանդիպում ունենալ մերժելը խոր մտահոգութիւն կը յառաջացնէ եւ ցոյց կու տայ, որ ամերիկեան կողմը ինքնին կը գիտակցի իր կեցուածքին թուլութեան, ինչպէս նաեւ կը փաստէ, որ Ուաշինկթըն միջազգային օրէնքը կը թերագնահատէ:

Նարիշքին ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի մէջ ամբողջ տարածքներու ապահովութիւնը իր ներքին հարցը կը նկատէ, հակառակ անոր որ միջազգային օրինականութեան եւ համաշխարհային ապահովութեան ներկայ համակարգը, որուն մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, պէտք էր Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք կառուցել միջազգային ամբողջ ընտանիքին մասնակցութեամբ:

Ան ընդգծեց, որ այդպիսի կառոյցներ եւ աշխարհը պատերազմներէն պաշտպանելու նպատակադրող երաշխիքներու անտեսումը շատ վտանգաւոր հարց է:

Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահը
Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ Զինուորական
Հարուածը Չարտօնելու

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Ժիհատ Լահհամ Քոնկրեսին կոչ ուղղեց Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական հարուած մը չարտօնելու: Ան ամերիկացի քոնկրեսականներուն ուղղուած բաց նամակի մը մէջ կոչ ուղղեց` Դամասկոսի մօտ քիմիական զէնքով ենթադրեալ յարձակումին հակադարձելու համար զինուորական հարուած մը արտօնող որոշում մը չորդեգրելու:

Քոնկրեսէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական ուժ օգտագործել արտօնող բանաձեւի որդեգրումը ներկայիս չէ ապահովուած: Աղբիւրները նշեցին, որ եթէ Ծերակոյտին մէջ այդ բանաձեւին շուրջ վաղը քուէարկութիւն կատարուի, անիկա պիտի ձախողի ձայներու մեծամասնութիւնը ապահովել, եւ նոյնն է պարագան Ներկայացուցիչներու տան մէջ, ուր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին դէմ հարուածին ընդդիմութիւնը աւելի ուժեղ է:

Միջազգային Կեցուածքներ

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ գործողութենէ առաջ պէտք է Ապահովութեան խորհուրդի հաւանութիւնը ստանայ»:

Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ «բազմաթիւ երկիրներ կը գիտակցին, որ Սուրիան հարուածելը պիտի սպառէ քաղաքական լուծման առիթները»` աւելցնելով, որ պէտք է գտնել ձեւ մը, որ չ՛արտօներ, որ զինուորական դիպաշարը արգելակէ քաղաքական դիպաշարը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Քսաններու խմբակի ժողովին ընթացքին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին սուրիական վարչակարգին զինուորական հարուած մը հասցնելու կարեւորութիւնը շեշտեց` նշելով, որ «պէտք չէ տագնապին ընթացքին սպաննուած 100 հազար սուրիացիներու իրողութեան առնչութեամբ աչք խփել»:

Էրտողան ըսաւ, որ Քսաններու խմբակի ժողովին մասնակիցները շեշտած են, որ Սուրիոյ մէջ բախումները պէտք է դադրին: Ան ընդգծեց, որ «քիմիական զէնքը Ժապալ Քալամունէն արձակուեցաւ, եւ ծանօթ է, թէ ո՛վ այդ շրջանին կը վերահսկէ»: «Սուրիոյ մէջ այլընտրանքային որեւէ վարչակարգ ներկայ վարչակարգէն աւելի վատ պիտի չըլլայ», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

Վիլնիուսի մէջ ժողով գումարող Եւրոպական Միութեան պաշտպանութեան նախարարները համաձայն գտնուեցան, որ «բազմաթիւ ցուցանիշեր» կան, որ 21 օգոստոսին քիմիական զէնքի օգտագործման պատասխանատուն վարչակարգն է:

Զինուորական Պատրաստութիւններ

Սպիտակ տունէն աղբիւր մը ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է, որ Օպամա Փենթակոնէն կը պահանջէ աւելցնել ամերիկեան եւ ֆրանսական ուժերու կողմէ Սուրիոյ հարուածի թիրախներու թիւը, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել այդ հարուածներուն մէջ օդուժին հաւանական մասնակցութեան հարցը:

Խօսքը ընդլայնման մասին է ֆրանսացի զինուորականներու նախապէս կազմած ցուցակին, որ 50 սուրիական թիրախներ կ՛ընդգրկէր: Միեւնոյն ժամանակ, անկանխատեսելի հետեւանքներէ զգուշանալու համար կը նախատեսուի խուսափիլ քիմիական զէնքի ենթադրեալ պահեստանոցները հարուածելէ, երբ քիմիական զէնքի օգտագործումը դարձած է զինուորական գործողութիւն սկսելու պատճառ: Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ Մարթին Տեմփսի յայտարարած է, որ հաւանական թիրախներու շարքին են հակաօդային պաշտպանութեան կեդրոնները:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ Քոնկրեսի անդամներուն յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական սահմանափակ հարուածը հաւանաբար տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ պիտի արժէ: Կը հաղորդուի, որ իւրաքանչիւր 1600 քիլոմեթր հասողութիւն ունեցող «Թոմահոք» տիպի հրթիռ 1.2-1.5 միլիոն տոլար կ՛արժէ, իսկ ռատարներու վրայ չերեւցող «Պի.2» օդանաւի թռիչքի իւրաքանչիւր ժամը 60 հազար տոլար կ՛արժէ: Այդ օդանաւերը կրնան 18 ժամ թռիչք կատարել, ապա վերադառնալ իրենց ռազմակայանները:

Կը նշուի, որ ամերիկեան ծովուժը 2011-ին Լիպիոյ դէմ 221 «Թոմահոք» արձակած է: Եթէ Սուրիոյ դէմ նոյնքան թիւով «Թոմահոք» օգտագործուի, ապա ատիկա աւելի քան 100 միլիոն տոլար կրնայ արժել:

Հակառակ այս բոլորին, Փենթակոնի բանբերը յայտնեց, որ «այս հարցը Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան շահերուն կը վերաբերի… երբ հարցը այսքան կարեւոր է, ծախսը հոգալու ձեւը պիտի գտնենք»:

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ Ատանայի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանի մէջ իր դիւանագիտական ներկայութիւնը նուազեցնելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի:

Ռուսական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ 1500 արտասահմանցի մասնագէտներ Սուրիա կը գտնուին` առ ի պատրաստութիւն ամերիկեան յարձակումին:

Մոսկուա երէկ մտահոգութիւն յայտնեց «Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան խորհրդանիշ Մաալուլայի դէմ ահաբեկիչներու յարձակումին» առնչութեամբ:

Ռուսիա նաեւ Միացեալ Նահանգները զգուշացուց Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցները հարուածելէ:

 

Share this Article
CATEGORIES