Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Սայտայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք գրաւ չեն դրած եւ պիտի չդնեն Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին վրայ. ան աւելցուց, որ այս պահը համախմբումի եւ միասնականութեան պահն է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան լուրջ տագնապներու դիմաց կը գտնուի, յատկապէս եթէ գաղթականներու թղթածրարին վերաբերեալ լուրջ քայլերու չդիմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն չէզոքութեան յանձնառու մնալու` Սուրիոյ դէմ ամերիկեան զինուորական հարուածին առումով, «այլապէս բոլորս պիտի ուղղուինք դէպի անվերջ քանդում», ըսաւ ան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին ապահովական ուժերու կարիք ունի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքեր պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի Թաամիր շրջանին մէջ ականներ պատրաստելով կը զբաղի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հարուածը կը սպառնայ շրջանի եւ աշխարհի խաղաղութեան եւ կայունութեան:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ ամբողջ արաբ ազգին կռիւը այսօր Դամասկոսի մէջ կը գտնուի եւ չէզոք կեցուածք ճշդող իւրաքանչիւր անձ ամերիկեան-սիոնական կեցուածքի տէր է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կողմէ որդեգրուած չէզոք կեցուածքին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով վստահելի աղբիւրներէ, յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Թամմամ Սալամ անկարելի է, որ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի դրութիւնը ընդունին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ շէյխ Հաշեմ Մընքարայի կատարած յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ Հըզպալլան զինք ազատ արձակած է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հիւսէյն Մուսաուի յայտնեց, որ շրջանը կը գտնուի միջազգային աղէտի մը դիմաց, աղէտ մը, որմէ ոչ ոք կրնայ փրկուիլ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի այցելուներէն, կը գրէ, թէ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, նախագահ Սլէյման պիտի չհրաժարի նոր կառավարութիւն մը կազմելէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւն մը կազմելու ջանքերը պիտի սառեցուին` սպասելով ամերիկեան հարուածին յաջորդող ժամանակաշրջանին:

ՇԷՅԽ Աֆիֆ Նապուլսի անհրաժեշտ նկատեց ամերիկեան ամբարտաւանութեան եւ պատերազմի կոչերուն դէմ պայքարը:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ Մեծն Լիբանանի կերտման յիշատակին նշումը մերժելի եւ մեծ ամօթ մը կը նկատուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ կամայ թէ ակամայ Լիբանան արաբական աշխարհին մաս կը կազմէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Քանսօ ընդգծեց, որ համայնքայնացումն ու յարանուանականացումը ո՛չ այսօր եւ ո՛չ ալ վաղը կրնան պետութիւն կերտել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պէտք է որդեգրէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը եւ անյապաղ կոչ ուղղէ ազգային երկխօսութեան:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ հոսանքի ղեկավար Շաքեր Պըրժաուի յայտնեց, որ արաբական հոսանքը ոչ մէկ կապ ունի Տաուհաթ Արամունի մէջ արձանագրուած բախումներուն հետ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ պետութիւն չկայ, ան չի կրնար իր շրջակայ երկիրներուն հետ վարուիլ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի` միակողմանի կառավարութիւն մը չկազմելու:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ռապիէի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին հետ իր հանդիպումին յայտնած է, որ ինք Սէուտական Արաբիոյ թշնամին չէ, սակայն Ռիատ մնայուն կերպով իր դէմ կը պատերազմի:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի մօտիկ աղբիւրներէն, յայտնեց, որ ամէնէն արագ միջոցին կառավարութեան մը կազմութիւնը կրնայ զօրացնել երկրին դիմադրողականութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )