Ամերիկեան Դեսպանատան Դիմաց Բողոքի Խաղաղ Նստացոյց

Սուրիոյ զօրակցութեան եւ անոր դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն սանձազերծելու հաւանականութեան դէմ բողոքելու նպատակով, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու դաշինքին անդամ կուսակցութիւնները` իրենց երիտասարդական եւ ուսանողական թեւերով, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին Աուքարի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դիմաց կատարեցին բողոքի խաղաղ նստացոյց մը:

Նստացոյցին ընթացքին անոնք բարձրացուցին Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Պաղեստինի դրօշները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դէմ պատերազմի շղթայազերծումը մերժող կարգախօսներ:

Նշենք, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ:

Share this Article
CATEGORIES