Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատունը Նուազեցուցած Է Իր Պաշտօնէութեան Թիւը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ նուազեցուցած է Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան պաշտօնէութեան թիւը` նկատի ունենալով ամերիկացի դիւանագէտներուն եւ ամերիկեան կառոյցներուն դէմ կատարուելիք յարձակումներուն վերաբերող սպառնալիքները:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց իր քաղաքացիները Լիբանան կատարուելիք այցելութիւններէն եւ կոչ ուղղեց Լիբանան գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն վերադառնալու Միացեալ Նահանգներ:
CATEGORIES Լիբանանեան

