Սըտտիք. «Միջազգային Դատական Ատեանին Յանձնեցի Ձայնագրութիւն Մը, Որ Կը Փաստէ Ուաֆիք Սաֆայի Մեղսակցութիւնը` Հարիրիի Սպանութեան»

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան շուրջ բացուած հետաքննութեան թղթածրարին մէջ աւագ ականատես Մոհամետ Զուհեր Սըտտիք երէկ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ ինք օրին յայտնած է, թէ  7 ձայնագրութիւն ունի իր մօտ` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին պիտի ներկայացնէ ձայնագրութիւն մը, որ կը բովանդակէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը Ռըսթոմ Ղազալէի, Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի ու Մահեր Ասատի միջեւ եւ ցոյց կու տայ Սաֆայի մեղսակցութիւնը Հարիրիի սպանութեան: Ան շեշտեց, որ ինք կը գտնուի միջազգային ապահովութեան ներքեւ:

Սըտտիք ըսաւ նաեւ, որ ձայնագրութեան տեւողութիւնը 7 վայրկեան է եւ կը պարունակէ յստակ խորհրդակցութիւններ` Հարիրիի սպանութեան վայրը ճշդելու առումով:

Անդրադառնալով Սուրիոյ բախումներուն` Սըտտիք յայտնեց, որ իրեն հետեւորդ զինեալներու ջոկատը կը գտնուի Լաթաքիոյ մէջ եւ կը կռուի Դամասկոսի շրջակայքին մէջ: Ան ըսաւ, որ իրենք Սուրիական ազատ բանակի հետեւորդ չեն նկատուիր` աւելցնելով, որ Սուրիական ազատ բանակը իր յատուկ նպատակները կը հետապնդէ:

Սըտտիք յայտնեց, որ իր ջոկատին մաս կը կազմեն 1300 զինեալներ եւ ջոկատը կը կոչուի «Դամասկոսի ազատականներ»: Սըտտիք շեշտեց, որ ջոկատին ֆինանսաւորումը ներքին սուրիական աղբիւրներէ եւ սուրիացի առեւտրականներու կողմէ կը կատարուի:

Նշենք, որ երեկոյեան Ուաֆիք Սաֆա իր կարգին կապուեցաւ «Ժատիտ» կայանին եւ Սըտտիքի կատարած յայտարարութիւնները նկատեց անճիշդ տեղեկութիւններ ու սուտասանութեամբ ամբաստանեց զայն:

Սաֆա ըսաւ, որ Միջազգային դատական ատեանը զինք չէ ամբաստանած` աւելցնելով, որ ինք կը համադրէ Հըզպալլայի եւ Միջազգային դատական ատեանին միջեւ յարաբերութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )