Եազիժի Պատրիարքը Այցելեց Յորդանան
Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը Յորդանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն սպառնացող մարտահրաւէրները:
Եազիժի պատրիարքը Ապտալլա Բ. թագաւորէն խնդրեց օժանդակել Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներ Եուհաննա Իպրահիմի եւ Պուլոս Եազիժիի, ինչպէս նաեւ բոլոր առեւանգեալներուն ազատ արձակումին առումով:
Քննարկուեցան նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները` ընդգծելով Սուրիոյ տագնապին խաղաղութեան եւ քաղաքական լուծման միջոցով վերջ տալու կարեւորութիւնը:
Եազիժի պատրիարքը բարձր գնահատեց Յորդանանի թագաւորին այն կեցուածքը, թէ ինք պիտի չարտօնէ, որ Յորդանանը վերածուի Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուած հասցնելու խարիսխի մը: