Յովհաննէսեան. «Սարգսեան Պէտք Է Լքէ Իր Գրաւած Աթոռը»

Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան տարածեց յայտարարութիւն մը` Հայաստանի` Մաքսային միութիւն մտնելու վերաբերեալ, որուն մէջ նշեց, որ «կառավարիչի կարգավիճակը ինքնակոչ ստանձնած Սերժ Սարգսեան պէտք է հեռանայ»:

«Հակապետական յայտնի արձանագրութիւններէն, կազմակերպուած ոճիրով գողցուած ընտրութիւններէն, հակաքաղաքացիական շարունակուող բռնաճնշումներէն, իսկ հիմա ալ Քրեմլինի մէջ մեր Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ միանձնեայ կերպով տուած որոշումէն ետք` Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ ազգային շահը ստեղծուած արտակարգ դրութենէն այլ ելք չեն հանդուրժեր: Արեւելքը շատ թող չոգեւորուի, ոչ ալ Արեւմուտքը անտեղի բողոքէ, բոլորն ալ մեղսակից են: Ես այլեւս կոչ չեմ ուղղեր, պարզապէս անհրաժեշտ է, որ գիտակից բոլոր քաղաքացիները եւ ուժերը` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, յաղթահարեն սեփական վիճակը եւ փոխադարձ մեղադրանքը եւ վերջապէս, սահմանադրական կարգի հաստատման վճռականութեամբ կազմեն Համազգային միացեալ ճակատ», յայտարարեց Ժառանգութեան ղեկավարը:

Ըստ Յովհաննէսեանի, երկրին ու ժողովուրդին արժանապատիւ կեանքի ու համբերութեան կարելի բոլոր պաշարները արդէն սպառած են, եւ «յանուն Հայաստանի ու մեր ապագային, մեր անկախութեան, արդարութեան եւ ազգային ապահովութեան` Սերժ Սարգսեան պէտք է լքէ իր գրաւած աթոռը»:

Share this Article
CATEGORIES