ՀՅԴ-ն Արտագաղթի Կասեցման Ծրագիր Մշակած Է. «Մենք Ապրելու Ենք Մեր Երկրում»
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան յանձնախումբը մշակած է արտագաղթի կասեցման ծրագիր մը, որ կը կոչուի «Մենք ապրելու ենք մեր երկրում»: Ծրագիրը ունի 11 յստակ ուղղութիւններ եւ կը ներառէ շուրջ 95 յստակ գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հանգրուաններ:
Ծրագիրին մէջ կան խիստ ուրոյն լուծումներ: Մասնաւորաբար, արտագաղթի կասեցման շրջագիծին մէջ կ՛առաջարկուի վերատեսութեան ենթարկել իրականացուող մարդուժի քաղաքականութիւնը: Օրինակ` կ՛առաջարկուի պաշտօններէն անմիջապէս ազատ կացուցել այն մարդիկը, որոնք իրենց հակաընկերային, հակապետական եւ հակաքրիստոնէական վարքուբարքով պետութեան անունով որոշակի գործառոյթներ կ՛իրականացնեն, քանի որ անոնց գործունէութեան իբրեւ արդիւնք մարդոց մօտ կը յառաջանայ հիասթափութեան զգացումը:
ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ արտագաղթը իր ահագնացող չափերով այլեւս ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է:
«Երրորդ Հանրապետութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին` մինչեւ այս պահը, ինչպէս ցոյց կու տան տարբեր վերլուծութիւններ եւ ընկերային հետազօտութիւններ, Հայաստան կորսնցուցած է իր բնակչութեան մէկ երրորդէն աւելին: Այլ խօսքով` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ բնակչութեան ժողովրդագրական զարգացումները բերած, կանգնեցուցած են անկախ պետականութեան կորուստի կարելիութեան առջեւ», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, փոխուած է նաեւ արտագաղթի որակական կազմը: Եթէ անցեալին արտագաղթողներուն մեծ մասը կը պատճառաբանէր աշխատանքը եւ բաւարար չվարձատրելու հանգամանքը, ապա հիմա անոր աւելի մեծ թափ կը հաղորդէ անարդարութեան եւ ապագային նկատմամբ անորոշութիւնը:
Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ արտագաղթի ամէնէն սպառնալից երեւոյթը երիտասարդութեան մեծ զանգուածն է, ինչ որ փաստացի վերարտադրութեան աղբիւրի նուազեցում կը պատճառէ: Ըստ անոր, ձեւաւորուած է ցանցային համակարգ մը, երբ գացողը իրեն հետ կը տանի դրացին, բարեկամը, նոյնիսկ եթէ անոնք այստեղ աւելի բարեկեցիկ վիճակի մէջ կը գտնուին: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ արտագաղթի նուազեցման ծրագիրին մէջ ամէնէն կարեւորը քաղաքական եւ հասարակական բոլոր պաշարներուն զօրաշարժն է:
Այդ նպատակով Դաշնակցութիւնը սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներուն կը նախատեսէ քննարկումներ իշխանութիւններուն, քաղաքական ուժերուն եւ հասարակական տարբեր հատուածները ներկայացնող ուժերուն հետ: Փորձ պիտի կատարուի քննարկումներուն մէջ ներգրաւել նաեւ եկեղեցին, սփիւռքի ազդեցիկ հատուածները եւ գործիչները, որպէսզի մշակուի վերջնական գործողութիւններու յատակագիծը:
Անդրադառնալով այն հարցին, որ այդ 95 յստակ գործողութիւնները, բնականաբար կը պահանջեն տնտեսական մեծ միջոցներ, Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ ոչ միայն կը պահանջեն, այլեւ աւելի մեծ միջոցներ կը պահանջեն, քան ոեւէ մէկը կրնայ մտածել, եւ պետական պիւտճէն բաւարար չէ անոնց համար: Ան ընդգծեց, որ այդ գործողութիւններուն ֆինանսաւորման համար կը նախատեսուին հանրային հիմնադրամներ:
Դաշնակցական պատգամաւորը նկատել տուաւ, որ պէտք է փոխուի ծնելիութեան խրախուսման ուղղուած ամբողջ քաղաքականութիւնը, որուն համար ալ անհրաժեշտ են տնտեսական միջոցներ:
«Բայց առաւելաբար մինչեւ տնտեսական միջոցներուն հասնիլը պէտք է հասնիլ անոր, որ ծրագիրը ընկալելի դառնայ բոլորին: Եւ իշխանութիւններուն կամքը այստեղ շատ կարեւոր է», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ովքե՞ր են դատաւորները, որոնք, օրինակ` մարդուժի քաղաքականութեան մէջ պէտք է որոշեն, որ այսինչ պաշտօնեան հակապետական, հակաընկերային եւ հակաքրիստոնէական գործունէութիւն կ՛իրականացնէ, Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ դատաւորը իշխանութեան եւ հասարակութեան աշխուժ զանգուածն է, եթէ իշխանութիւնը այնքան կամք ունենայ եւ կարենայ ըսել, որ, օրինակ` այսինչ պաշտօնատար անձը իսկապէս իր վարքագիծով չ՛ապահովեր պետութեան զարգացումը: «Ես միտումնաւոր անուններ չեմ տար, որպէսզի նոր հակադրութիւններու դուռ չբանամ, որովհետեւ եթէ ես հիմա անուն հրապարակեմ, ապա կարելի է, որ իշխանութիւնը այդ քայլին չերթայ», ըսաւ Ա. Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեան նկատել տուաւ, որ պէտք է փոխուի երկրին քաղաքական-հասարակական իրադարձութիւններուն ներկայացումը: Ան նշեց, որ երկրին մէջ կան երկու հակադիր մօտեցումներ. մէկը ամէն ինչ բացասական ներկայացնելն է, միւսը` «ամէն ինչ լաւ է, դրական է, աչք ունեցողը կը տեսնէ» քաղաքականութեան դրսեւորումն է: Ըստ անոր, այս երկու ծայրայեղութիւնները կ՛աւելցնեն հասարակութեան մէջ հիասթափութիւնը:
Ըստ Արծուիկ Մինասեանի, ասիկա կը նշանակէ, որ տեղեկատուական համակարգը ունի նաեւ փոփոխութիւններու եւ հրապարակային քարոզչութեան անհրաժեշտութիւնը:
«Այնքան, որքան հակահայաստանեան քարոզչութիւն կ՛իրականացուի, նոյնքան ալ կամ անկէ աւելի ներքին քարոզչութիւնը հակապետական ընթացք կը ստանայ մեր երկրին մէջ», նկատել տուաւ ընդդիմադիր պատգամաւորը: Ան աւելցուց, որ իշխանութիւնները քննադատելը պէտք չէ ընկալուի իբրեւ երկրին ու պետութեան ուղղուած քննադատութիւն: Մինասեան շեշտեց, որ ասիկա փոխադարձ ընկալելի պէտք է ըլլայ թէ՛ քննադատողներուն եւ թէ՛ քննադատուողներուն համար եւ քննադատուողներն ալ պէտք չէ այնքան հեռու երթան, որ իշխանութիւնները քննադատելու փոխարէն սկսին երկիրը վատաբանել:
Բնականաբար, ծրագիրին մէջ կան հարկային, մաքսային, առողջապահական, բանակին վերաբերող կարգաւորումներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ իշխող մեծամասնութիւնը այս ծրագիրը կեանքի պիտի կոչէ, այսինքն` կա՞յ այս մասին քաղաքական համաձայնութիւն, դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ ոչ, թէեւ շատ կ՛ուզէին քաղաքական համաձայնութիւն ձեռք բերել քննարկումներու հանգրուանին մէջ:
Իսկ եթէ իշխանութիւնը մերժէ ծրագիրը իրագործել, ապա, ըստ Արծուիկ Մինասեանի, պէտք է յաջողին հանրութիւնը համախմբել ծրագիրին շուրջ` «ընդհուպ մինչեւ իշխանափոխութեան միջոցով վերցնելու այդ խոչընդոտը»: