Խորհրդակցութիւնները Եռանդուն Կերպով Պիտի Շարունակուին Հայաստանի Եւ Եւրոպական Միութեան Միջեւ

Ֆիւլէ եւ Նալբանդեան

5 սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէի հետ:

Զրուցակիցները անդրադարձան Մաքսային միութեան անդամակցելու Հայաստանի որոշման: Այդ շրջագիծին մէջ նախարար Նալբանդեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը առաջ մղելու ըստ կարելւոյն լայն ձեւաչափերով Եւրոպական Միութեան հետ փոխադարձ գործակցութիւնը` շարժունակութեան, բարեփոխումներու խթանման, արդիւնաւէտ կառավարման, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, բազմաոլորտ տնտեսական համագործակցութեան եւ այլ մարզերու մէջ: Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կը ցանկայ շարունակել ըստ կարելւոյն սերտ գործընկերութիւնը` որքանով որ Եւրոպական Միութեան համար կարելի ըլլայ ատիկա եւ չի հակասեր Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Վիլնիուսի վեհաժողովին ընդառաջ 12-13 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ոչ պաշտօնական հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները: Երեւանի մէջ զուգահեռաբար պիտի կայանայ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու կրթութեան նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպումը: Այս ժողովներուն պիտի մասնակցին Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց եւ կրթութեան նախարարները, Եւրոպական Միութեան Ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէն, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով յանձնակատար Անթրուլա Վասիլուն, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ծառայութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Հելկա Շմիթը:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Շթեֆան Ֆիւլէն համաձայնութեան յանգեցան շարունակելու եռանդուն խորհրդակցութիւնները Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )