Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի Նախագահը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Հայաստան Նոյեմբերին Ստորագրէ Ընկերակցութեան Մասին Համաձայնագիրը
Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման վան Ռոմփոյ յոյսով է, որ Հայաստանը, Մոլոտաւիան, հաւանաբար նաեւ Ուքրանիան նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին ստորագրեն Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը:
Ռոմփոյ հինգշաբթի օր այդ յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Եւրոպական համալսարանի ուսանողներուն առջեւ «Ռուսիան ու Եւրոպան այսօր» դասախօսութեան ընթացքին:
Ըստ անոր, այդ համաձայնագիրը Հայաստանին պիտի արտօնէ նշանակալի բարեփոխումներ կատարել քաղաքական եւ տնտեսական մարզերուն մէջ:
Հերման վան Ռոմփոյ նշած է, որ այսօրուան դրութեամբ, երբ Հայաստանը յայտարարեց Մաքսային միութեան միանալու մտադրութեան մասին, Եւրոպական Միութեան մէջ կ՛ուզեն լսել Երեւանի հետագայ քայլերուն մասին:
«Մենք տակաւին Հայաստանէն պաշտօնական բացատրութիւններ չենք ստացած, սակայն, նախկինին նման, յոյսով ենք, որ Ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրուի», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «մենք ունինք ընդհանրական սահմաններ ու ընդհանրական դրացիներ` Ուքրանիան, Հայաստանը, Մոլտաւիան, որոնք հաւասարապէս կարեւոր են երկուքիս (Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի) համար, պէտք է իրենք որոշեն իրենց ուղին: Սակայն, մեր կարծիքով, Ուքրանիոյ համար Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրը պէտք չէ Ռուսիոյ հետ վաղեմի կապերուն վնասէ: Ինչո՞ւ ատիկա կամ-կամ տարբերակը պէտք է ըլլայ», ըսած է Հերման վան Ռոմփոյ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը «Թուինինկ» ծրագիրին մէջ հրապարակեց յայտարարութիւն մը` նշելով, որ ծրագիրի «կասեցման մասին պնդումները չեն համապատասխաներ իրականութեան: Հաշուի առնելով Հայաստանի կողմէ ընդունուած վերջին որոշումը, մեզի բնականաբար անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել խոր ու համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրի ստորագրման անմիջականօրէն առնչուող ծրագիրները, եւ Հայաստանի ղեկավար մարմիններուն հետ միասին որոշել հետագայ գործողութիւնները: Բայց եւ այնպէս, ինչպէս արդէն յայտարարուած է, ներկայ հանգրուանին մենք կը շարունակենք գնահատել ներկայ իրավիճակը, տեղեկացնել եւ խորհրդակցիլ անդամ պետութիւններուն հետ: Մենք նաեւ հետամուտ պիտի ըլլանք շարունակելու հայաստանեան մեր գործընկերներուն հետ ընթացող խորհրդակցութիւնները»: