«Որպէսզի Նման Որոշումներ Չտրուին, Պէտք Է Ունենանք Ժողովուրդին Կողմէ Ընտրուած Իշխանութիւններ» Ըսաւ Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Նոյեան տապան» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումը չի նշանակեր, որ Հայաստան լքած է Եւրոպական ուղղութիւնը եւ վերադարձած է Խորհրդային Միութիւն:

Ըստ անոր, որոշումը այնքան սխալ չէ, որքան որոշումը տալու ձեւը: Մանոյեան յայտնեց, որ հանրութեան այս աստիճան բացասական վերաբերմունքին պատճառը պայմանաւորուած է այսպիսի անսպասելի որոշման մասին անիրազեկութեամբ: Մանոյեան յայտնեց, որ այդ որոշումը հաւանաբար տրուած է նոյնինքն Մոսկուայի մէջ, եւ «գիշերային դիւանագիտութեան» շարքին դասեց զայն:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ ատիկա տակաւին ոչինչ կը նշանակէ, քանի որ կա՛մ եւրոպական ընկերակցութեան, կա՛մ Մաքսային միութեան միանալու որոշումը պաշտօնապէս օրինականացնելէն ետք ալ հոլովոյթը պիտի շարունակուի, պիտի շարունակուին բանակցութիւնները: «Հայաստանը փաստաթուղթը ստորագրելու յաջորդ առաւօտը դռները պիտի չբանայ, մտնելու կա՛մ Ազատ առեւտուրի գօտի, կա՛մ Մաքսային միութիւն», ըսաւ ան:

Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի առջեւ ընտրութիւն կատարելու որոշում պիտի դրուի: Ան դժգոհութիւն յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւնները Հայաստանի միւս քաղաքական ուժերուն այդ որոշումին չէին նախապատրաստած, նոյնն էր իրավիճակը նաեւ Եւրոպական Միութեան պարագային:

Մանոյեան շեշտեց, որ Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի որոշումը պէտք չէ խոչընդոտէ երկրին մէջ բարեփոխումներուն եւ Եւրոպական Միութեան հետ քաղաքական- հասարակական համարկումին:

Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ կարծիք կայ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ այսպիսի որոշում տրուած է իշխանութիւնը պահելու համար, Մանոյեան յայտնեց, որ այդպիսի կարծիք կայ եւ որ Եւրոպական Միութեան հետ ալ այսպիսի բանակցութիւններ կային, սակայն եւրոպացիները հաստատեցին, որ լաւ ընտրութիւններ կատարուած են: Ըստ անոր, իշխանութիւններու յանցանքը այս հարցին մէջ այն է, որ ատիկա կը կատարուի պետութեան եւ ժողովուրդին հաշուոյն:

Մանոյեան ընդգծեց, որ կարեւորը այն չէ, թէ ռուսերը, ղազախները, Եւրոպական Միութիւնը ինչ կ՛ըսեն, այլ Հայաստան պէտք է ունենայ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւններ, որ այսպիսի որոշումներ չտրուին:

Անդրադառնալով Սուրիոյ շուրջ զարգացող իրադարձութիւններուն` Կիրօ Մանոյեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ Սուրիոյ դրացի երկիրները եւս վտանգուած են, շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման հարց կայ, որովհետեւ եթէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ որեւէ ձեւի յարձակում պիտի ըլլայ, ատիկա անկանխատեսելի հետեւանքներ պիտի ունենայ շրջանին համար եւ խօսքը ոչ միայն Սուրիոյ կը վերաբերի:

«Այդ ապակայունացումը մեզ պէտք է մտահոգէ: Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ հայութեան հարցերուն, պարզ է, որ այսպիսի գործողութիւնները կը մեծցնեն անոնց ապահովութեան սպառնացող վտանգները», աւելցուց Կիրօ Մանոյեան եւ մտահոգիչ նկատեց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները:

 

Share this Article
CATEGORIES