Խորհրդակցութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի Սպայակոյտին Մակարդակով

Լեռնային Ղարաբաղի բանակի սպայակոյտի կեդրոնի նիստերու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծառայողական խորհրդակցութիւն, զոր վարեց Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան:

Խորհրդակցութեան ժամանակ, որուն մասնակցեցան բանակի հրամանատարին տեղակալները, սպայակոյտի բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերը, միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամանատարները, քննարկուեցան ընթացիկ եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: Բանակի հրամանատարին տեղակալները ըստ ուղղութիւններու ներկայացուցին իրականացուած աշխատանքները, անդրադարձ կատարեցին տեղ գտած թերութիւններուն եւ բացթողումներուն, ինչպէս նաեւ առաջարկեցին զանոնք սրբագրելու արդիւնաւէտ ուղիներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )