Զաւէն Անդրէասեանի Գիրքերու Շնորհահանդէսը Կատարուեցաւ

Նախանցեալ օր Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի կեդրոնական տան մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեանի հեղինակային գիրքերուն շնորհահանդէսը:

Շնորհահանդէսին ժամանակ ներկայացուեցաւ երկու գիրք: Առաջինը, որ կը կրէ «Ճատրակ մէկ խնդիրներու աշխարհին մէջ» անունը, հասցէագրուած` սկսնակ ճատրակ խաղացողներուն: Իսկ երկրորդը, որ կը կրէ «Կը գրոհեն հայ կրանտմասթըրները» խորագիրը, իր կարգին կը կոչուի «Ճատրակի խնդրագիրք»:

Գիրքերուն առաջինին յառաջաբանը գրած է ողիմպիական եռակի ախոյեան Գաբրիէլ Սարգսեան, որ ներկայ էր ձեռնարկին ժամանակ: Ներկայ էին նաեւ Վլատիմիր Յակոբեան, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ, ակադեմիայի տնօրէն, կրանտմասթըր Սմբատ Լպուտեան, ինչպէս նաեւ Անդրէասեանի խաղընկերները:

Իր խօսքին մէջ Անդրէասեան ըսաւ. «Շատ շնորհակալ եմ, որ չմերժեցիք իմ հրաւէրս եւ ներկայ գտնուեցաք գիրքերուս շնորհահանդէսին: Ինծի առաջարկեցին գիրքեր գրել, եւ ես որոշեցի անոնցմէ մէկը նուիրել ճատրակի սկզբնախաղերուն, իսկ երկրորդով, ներկայացնել մեր անուանի կրանտմասթըրներուն յաղթական մրցումները, ուր անոնք կը զոհաբերեն կարեւոր քարեր եւ ապա կը տօնեն հրաշալի յաղթանակներ»:

Նշենք, որ այս լուրը հրապարակած ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛եզրափակէ ըսելով, որ գիրքերու շարքը պիտի բաժնուի չորս մասերու, որոնցմէ երկուքը յառաջիկային դարձեալ պիտի հրապարակուին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )