Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Վաւրինքա Անակնկալի Բերաւ Միւրէյը
Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Եու. Էս. Օփըն»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, 9-րդ դասուած զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքա անակնկալի բերաւ 3-րդ դասուած Էնտի Միւրէյը, երբ յաջողեցաւ դուրս ձգել անգլիացին` արձանագրելով 6-4, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին զուիցերիացին իր դէմ պիտի ունենայ տիտղոսակիր եւ առաջին դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչը, որ իր տոմսը ապահովեց ռուս Միհայիլ Եուժնիի (դասուած 21-րդ) հաշուոյն` արձանագրելով` 6-3, 6-2, 3-6 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Ֆրանսայի բաց մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած Ռաֆայէլ Նատալը եւ 8-րդ դասուած ֆրանսացի Ռիշար Կասքէն:
CATEGORIES Մարզական


