Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Սենթ Լուիսի Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի մեծ վարպետ Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 9-15 սեպտեմբեր 2013-ին Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ-Քափ»-ի մրցաշարքին:

Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան կրանտմասթըրներ Մակնիւս Քարլսըն (Նորվեկիա), Հիքարու Նաքամուրա եւ Կաթա Քամսքի (Միացեալ Նահանգներ):

Armchess.am կ՛եզրափակէ ըսելով, որ մրցումները պիտի սկսին Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին, եւ 12 սեպտեմբերը պիտի ըլլայ հանգիստի օր:

Share this Article
CATEGORIES