Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Շաբաթավերջին` 8-րդ Հանգրուանի Մրցումները
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը, Լիբանանի ախոյեան Սատաքա հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ իր դաշտին վրայ 10-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շուէյֆաթը:
Սատաքա, որ մրցում մը եւս ունի կատարելիք, այժմ 16 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը եւ 3 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիբանանեան բանակէն:
Անոնք երկուքը վաղը, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, պիտի ճակատին իրարու դէմ` Սատաքայի դաշտին վրայ:
Նշենք, որ Սատաքա 6-րդ հանգրուանէն իր յետաձգուած մրցումը պիտի կատարէ 25 սեպտեմբերին` Սեն Ժոզեֆի դէմ:
Ստորեւ` 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Հալուսիէ – Պէյրութի դրամատուն 19:00 Նեպիհ Պըրրի համալիր
Էյ. Եու. Էս. Թի.» – Թրիփոլի Ֆիհաա 19:00 Էմիլ Լահուտ
ՎԱՂԸ
Սեն Ժոզեֆ – Ղըպէյրի 19:00 Սեն Ժոզեֆ
Սատաքա – Լիբանանեան բանակ 19:00 Սատաքա
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Շուէյֆաթ – Ռապիհ 21:00 Էմիլ Լահուտ

