Օրուան Մտածումը «Փոթորիկ` Գաւաթ Մը Ջուրի Մէջ…» (Վահան Յովհաննիսեանի Հայաստանի դեսպան նշանակման շուրջ բարձրացած աղմուկը)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Դաշնակցութեան լիտերներից մէկի աշխատանքը, դիւանագիտական ասպարէզում, ոչ մի կերպ չի կաշկանդում կուսակցութեանը»:

Վահան Յովհաննիսեան («Երկիր»- 3 Սեպտեմբեր 2013)

Աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր հայաստանեան մամուլի էջերուն եւ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած են սկզբնապէս տարտամ ու անհաստատ, բայց աստիճանաբար թափ հաւաքող եւ արագօրէն հակադաշնակցական քարոզչական աղմուկի բարձրացման համար շահարկուող լուրեր, որոնք կը վերաբերին դաշնակցական պատասխանատու գործիչներու Հայաստանի դեսպան նշանակումի հաւանականութեան:

Թէեւ Հայաստանի նախագահական իշխանութիւնը ցարդ պաշտօնապէս ու հրապարակաւ չէ յստակացուցած բուն «եղածը կամ ըլլալիքը», բայց լրատուական ու մեկնաբանական շրջանառութեան մէջ դրուած հրապարակումները արդէն կը շօշափեն անունները Հայաստանի դեսպանութեան պաշտօնի հրաւիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ` Վահան Յովհաննիսեանի եւ Լեւոն Մկրտչեանի, ինչպէս եւ` ՀՅԴ հայաստանեան կազմակերպութեան պատասխանատու դէմքերէն Հրայր Կարապետեանի:

Առանց սպասելու նաեւ ու նոյնիսկ ՀՅԴ Բիւրոյի կամ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի պաշտօնական պարզաբանումներուն եւ յստակացումներուն, մամուլն ու համացանցը անմիջապէս ողողուեցան իբր թէ Հայաստանի գործող իշխանութեանց եւ Դաշնակցութեան միջեւ ի՜նչ-ինչ գործարքներու` մութ կամ թաքուն գործակցութեանց վերաբերեալ ենթադրութիւններով, վերագրումներով եւ ուղղակի, բայց հիմնաւորում չունեցող ամբաստանութիւններով:

Անմիջապէս աղմուկ բարձրացաւ, որ իբր`

– Դաշնակցութիւնը պարզապէս «կեղծ ընդդիմադրութիւն խաղցած է» վերջին տարիներուն…

– Դաշնակցութիւնը «պաշտօնի եւ աթոռի սիրոյն պատրաստ է ծառայելու» իր այնքան քննադատած, դատապարտած ու մինչեւ իսկ հրաժարական պահանջած Հայաստանի նախագահական իշխող ուժին…

– Դաշնակցութեան համար «կուսակցական շահը գերիվեր է ազգային, պետական կամ հասարակական ամէն շահէ»…

Նմանօրինակ մաշած ու անբովանդակ մեղադրանքներու եւ ամբաստանութեանց շարքը շատ երկար է, հակադաշնակցական պայքարի «զինանոց»-ին հինն ու նորը անխնայ շարժման մէջ դրուած են եւ այդպէս, ահա՛, ամրան «հանգիստ»-էն վերազարթնող Հայաստանի քաղաքական հրապարակը մատնուած է մեր ժողովուրդին, հայրենիքին ու պետութեան դիմագրաւած ծանրագոյն խնդիրներուն հետ որեւէ աղերս չունեցող ներքաղաքական քաշքշուկներու կեղծ փոթորիկի մը:

Իսկապէ՜ս «Փոթորիկ` գաւաթ մը ջուրի մէջ», ինչպէս պիտի ըսէր մեր ժողովուրդը:

Ինչպէս որ գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ չի յառաջանար, այդպէս ալ Հայաստանի դեսպանի նշանակում մը, նոյնիսկ եթէ խօսքը կը վերաբերի Սերժ Սարգսեանի նախագահական առաջին թեկնածութեան մրցակից Վահան Յովհաննիսեանի կամ գործող Հայաստանի նախագահի վերջին ընտրութեանց ընթացքին Սերժ Սարգսեանի թեկնածութեան հակադրուած Դաշնակցութեան երկարամեայ Բիւրոյականին, աւելի քան անհեթեթ է փոթորիկ յառաջացնելու այսօրինակ փորձը:

Քաղաքականօրէն ամէնէն մանկամիտն ալ ի վիճակի է անդրադառնալու, որ օր ցերեկով ճիգ կը թափուի հայ քաղաքական միտքը, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, շեղելու իր բուն օրակարգէն:

Փաստօրէն փորձ կը կատարուի ընդդիմադիր ճակատը մխրճելու անվստահութեան եւ փոխադարձ ցեխարձակման տիղմին մէջ, որպէսզի վարկաբեկ ու ձախաւեր այս նախագահական իշխանութեան ու անոր ղեկավարած կառավարման փտած համակարգին վրայէն համաժողովրդային դժգոհութեան եւ ճնշումի ալիքը աւելիով թեթեւնայ ու, ի վերջոյ, մարի:

Ամէն հիմք կայ նաեւ հարցականի տակ առնելու Հայաստանի գործող նախագահին բուն դիտաւորութիւնները, երբ դեսպանի պաշտօն կ՛առաջարկէ իր իշխանութեան ընդդիմախօս դաշնակցական պատասխանատու գործիչին, եթէ անշուշտ անկեղծ է այդ հրաւէրը եւ չի բխիր սոսկ ներքաղաքական առեւտուրի ու սակարկութեանց շուկայական հաշիւներէն:

Տխրահռչակ հայեւթուրք արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելու դիւանագիտական քայլէն ամէն գնով խուսափող, նաեւ` Արցախի հարցով Դաշնակցութեան պահանջած միացեալ պաշտպանութեան դաշինքի դիւանագիտական մարտավարութիւնը կամակորութեամբ մերժող իշխանութիւն մը կրնա՞յ անկեղծ ըլլալ,  եւրոպական մեծ բեմահարթակի վրայ,  Դաշնակցութեան ուղղութեամբ գործակցութեան ձեռք երկարելու իր առաջարկին մէջ:

Անշուշտ ո՛չ:

Բայց անհաւանական բան չկայ քաղաքականութեան մէջ, որ ըստ էութեան` կարելիին հետապնդման արուեստն է:

Նախագահական այս իշխանութեան աչքին` իր վարած արտաքին քաղաքականութեան ձախաւերութիւններէն ետդարձի յարմարագոյն պատեհութիւնը կրնայ ընձեռել, իրապէ՛ս, Դաշնակցութեան հետ եւ ՀՅԴ համահայկական կառոյցի միջոցով գործակցութիւնը Հայաստանի դիւանագիտական նախաձեռնութեանց ճակատին վրայ:

Այդ առումով նախագահական իշխանութեան լարած ներքաղաքական թակարդին մէջ կ՛իյնան բոլոր անոնք, որոնք մոռացումի մատնելով դաշնակցական պատասխանատու գործիչին դեսպան նշանակելու նախաձեռնութեան բուն դիտաւորութիւնները` այս աստիճան հակադաշնակցական անոպայ աղմուկ կը բարձրացնեն Դաշնակցութեան ընդառաջումին եւ ՀՅԴ այսպէս կոչուած «յարմարուողականութեան» դէմ:

Նոյն այդ թակարդին նկատմամբ հայ քաղաքական միտքը զգօն պահելու հրամայականին չ՛օգներ, նաե՛ւ, ինքնարդարացման կարգով կատարուած դաշնակցական պատասխանատու գործիչներու լուսաբանութիւններն ու պատասխանները Վահան Յովհաննիսեանի դեսպան նշանակման հարցին վերաբերեալ:

Հարցը այն չէ, որ` «Դաշնակցութեան լիտերներից մէկի աշխատանքը, դիւանագիտական ասպարէզում, ոչ մի կերպ չի կաշկանդում կուսակցութեանը», ինչպէս Վահան Յովհաննիսեան կ՛ընդգծէ «Երկիր»-ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին:

Հարցը այն է, որ Դաշնակցութիւնը պէտք է համոզուի Հայաստանի նախագահին կողմէ դրսեւորուած Դաշնակցութեան հետ գործակցելու ոգիին անկեղծութեան եւ, այդ հիմունքով ու միայն այդ նախապայմանով, որոշէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը զերծ կացուցանել կուսակցականի իր ներկայ պատասխանատուութենէն, որպէսզի դաշնակցական արժանաւոր գործիչը կարենայ բոլոր ուժերով ծառայել Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնելու ազգային-պետական իր առաքելութեան:

Դաշնակցութիւնը աւելի քան 120-ամեայ իր պատմութեան ընթացքին ոչ մէկ ժամանակ խուսափած է ազգային իր պատասխանատուութենէն եւ մանաւա՛նդ այսօր ամէն հիմք ու պատճառ ունի, որպէսզի իր անվերապահ եւ բոլորանուէր ծառայութիւնը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային ու դիւանագիտական վարկանիշին բարձրացման բախտորոշ գործին:

Կը բաւէ, որ Դաշնակցութեան ներուժէն օգտուելու պատասխանատուութեան ոգիէն բխի Հայաստանի նախագահին կատարած գործակցութեան առաջարկը:

Մանաւանդ հետամուտ չըլլա՛յ, Վահան Յովհաննիսեանը կամ դաշնակցական ոեւէ պատասխանատու գործիչ դեսպան նշանակելով, Դաշնակցութիւնը ներքաղաքական քաշքշուկներու տիղմին մէջ ներքաշելու արդէն սպառած ու ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած… հրձիգութեան:

Այլապէս, ընդդիմադիր դաշտը փոխադարձ անվստահութեան կայծերով կրակի տալու որեւէ փորձ, յատկապէս Դաշնակցութեան վարկազրկման հետամուտ որեւէ նախաձեռնութիւն, միայն պումերանկի ներգործութիւն կրնայ ունենալ եւ հարուածել նոյնինքն այս` իրեն շնորհուած ժամանակը սպառած իշխանութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (2)
  • Հայաստան 10 years

    Մինչեւ վերջ չկարդացի էլ, ինչպէ՞ս կարելի է արդարացնել այս ստորութիւնը:Մի՞թէ դաշնակցութիւնն էլ դարձաւ մի քանի հոգու ջեբի /գրպանի/ կուսակցութիւն: Յոյս ունէի սփիւռքը ընդուիզի, բայց այսպիսի յօդուա՞ծ, որտե՞ղ են իրական ազգային դաշնակցականները, այս ի՜նչ հէքիաթներ էք հրամցնում ընթերցողներին: Վաղը թուրքի հետ ձեռքսեղմումն էլ կ’արդարացնէք, երեւի համաձայնագիրն էլ ընկեր Վահանի ձեռքով կընքնուի: Ու նորէն կը գրէք ”փաթորիկ բաժակի մէջ”: Ուշքի եկէք…

  • Սալբի 10 years

    Սիրելի հայաստան 
    Կ’առաջարկէի մինչև վերջ կարդալ. մի գուցէ ծանր խօսքերից հրաժարուէիր:
    Հայ դատի արդարացի լուծումով և մեր երկրի ու ժողովրդի շահերից մեկնած կարելի է նաև ձեռք սեղմել, ինչու չէ: 

  • Disqus ( )