Առաջին Օրը Եւ… Վերջին Օրը
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Էշրեֆիէի դպրոցը անուն չունէր այդ օրերուն, պարզապէս տնօրէնին անունով կը կոչէին Ղազար Չարըխին դպրոցը: Հետագային կոչուեցաւ «Չաթալպաշեան» վարժարան: Չորս տարեկանիս, երբ առաջին անգամ հայրս դպրոց տարաւ զիս եւ գնաց իր գործին, չեմ յիշեր` ո՞ր յանցանքիս համար, մանկապարտէզի ուսուցչուհին, կապոյտ աչքերով, դեղին մազերով, խոժոռ դէմքով, ապտակ մը իջեցուց երեսիս: Ամբողջ օրը լացի եւ որոշեցի անգամ մըն ալ դպրոց չերթալ: «Արդի մանկավարժութիւն»: Ծնողքս նախ ուզեցին համոզել, որ մոռնամ եւ երթամ դպրոց, սակայն որոշումիս վրայ հաստատ մնալս նկատելով` հայրս ստիպուեցաւ բռնի ուժով զիս տանիլ դպրոց: Տնօրէնութեան գանգատի՞լ: Քա՛ւ լիցի: Ուսուցչուհին միշտ իրաւունք ունեցած է, պէտք չէ մոռնալ տէրթոդիկեան նշանաւոր խօսքը` «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի», սակայն այնքան նիհարակազմ էի, որ արդէն միայն ոսկոր էի:
Յաջորդ օրը արդէն մոռցած այդ անախորժ դէպքը` նոր ընկերներովս երջանիկ էի: Աւարտեցի մանկապարտէզի տարիները եւ անցայ նախակրթարան: Դասերուս մէջ լաւ էի, ընկերներէս սիրուած: Մէկ խօսքով, երջանիկ էի, եւ օր մըն ալ ծնողքս յայտնեցին, թէ «Մեծ դպրոց մը» պիտի փոխադրեն զիս: Մանկութեանս միշտ լալկան եղած եմ: Շատ լաւ առիթ մը` արցունքներս յորդեցնելու: Չէի ուզեր բաժնուիլ իմ սիրելի դպրոցէս, ուսուցիչներէս, պարոն Կարպիս Գազանճեանէն, օրիորդ Ալիս Խրիմեանէն, ինչպէս նաեւ իր հօրմէն` մեր հայերէնի ուսուցիչ պարոն Միհրան Խրիմեանէն, դպրապետ պարոն Յակոբ Սարգիսեանէն եւ մանաւանդ սիրելի դասընկերներէս, մասնաւորաբար` անուշիկ Սալբիէն, որուն քով կը նստէի եւ «տկարութիւն» մը ունէի անոր հանդէպ:
Համակերպեցայ:
Վերամուտին հայրս զիս տարաւ Ճեմարան:
Առաջին պահն է: Օրիորդ Վարդիթեռ Մկրտիչեան անունները կարդաց: Շահմելքեան Պօղոս: Հին աշակերտներէն մէկը «Շահմելիք, Մսրա Մելիք» պոռաց: Աշակերտներուն խնդուքը լեցուց դասարանը: Օրիորդ Վարդիթեռ հազիւ թէ կարենար լռեցնել դասարանը, իսկ ես` միշտ պատրաստ լալու, որոշեցի անգամ մըն ալ չերթալ այդ դպրոցը: Տուն վերադարձին մեծ քոյրս` Ալիսը Ճեմարանի «փոստա»-ի հսկիչ օրիորդ Խաթուն Սրապեան-Բագրատունիին հետ կը պայմանաւորուէին, թէ յաջորդ առտու ու՞ր պէտք է սպասեմ պասին, մինչ այդ ես քրոջս ձեռքէն քաշելով` անդադար կը կրկնէի: «Պարապ տեղը մի՛ բացատրեր, ես այդ դպրոցը անգամ մըն ալ չեմ երթար»:
Այդ դպրոցը գացի: Գացի մեծ հաճոյքով: Երկար տարիներ կեղծանունս մնաց «Մսրա Մելիք», սակայն այլեւս չէի լար: Համոզուած էի, թէ ձեւով մը անունիս մաս կը կազմէ: Ճեմարանական սովորութիւն էր, գրեթէ ամէն մարդ կեղծանուն մը ունէր: Շուտով մտերմացայ նոր դասընկերներուս: Պատիւը ունեցայ ուսուցիչ ունենալու յայտնի բանաստեղծ, թատերագիր եւ գրագէտ Մուշեղ Իշխանը: Շատ բան սորվեցայ հայերէնի ուսուցիչ պարոն Գառնիկ Բանեանէն:
Ըսթեզ Պուսթանի` արաբերէնի ուսուցիչը, հայերէն սորվեցաւ, իսկ մենք արաբերէն չսորվեցանք: Հայերէն շարադրութիւններս միշտ գնահատուած էին թէ՛ Մուշեղ Իշխանէն, թէ՛ պարոն Բանեանէն: Գրականութեան հանդէպ բացառիկ սէր ունենալու կողքին, ունեցայ նաեւ սէր եւրոպական եւ ամերիկեան երաժշտութեան: Ժամանակիս մեծ մասը կ՛անցընէի Վահիկ Վարդապետեանին հետ` իրարու անգլերէն երգերու բառեր փոխանցելով եւ անշուշտ դասերէս առաջ այդ երգերու բառերը գոց սորվելով, որ պատճառ դարձաւ, որ նիշերս անկում արձանագրեն, եւ 8-րդ դասարանիս, ֆրանսերէնի մէջ «վերաքննելի» ունենալով, պարոն Գրիգոր Շահինեանին որոշումով դասարանս կրկնել տուին: Ճեմարանի սովորութիւն էր մէկ նիւթի մէջ տկար աշակերտի մը դասարան կրկնել տալը:
Տարիներ յետոյ, Լոս Անճելըս փոխադրուելէս ետք, Մուշեղ Իշխան այցելած էր «հրեշտակներու» քաղաքը, բաւական մեծ թիւով Ճեմարանականներ հանդիպում մը ունեցանք մեր սիրելի ուսուցչին հետ: Պարոն Մուշեղ յուզուած էր: Բեմ բարձրացաւ եւ ամենայն անկեղծութեամբ «Մենք` Ճեմարանի ուսուցչական կազմը, հիմա կը զգանք, որ շատ մեծ սխալներ գործած ենք: Մէկ նիւթի մէջ տկար աշակերտի մը ծնողքը կը կանչէինք դպրոց` ըսելով, որ աւելի լաւ է զաւակդ հանես դպրոցէն եւ արհեստի դնես: Հիմա կը տեսնեմ, որ այդ աշակերտներէն քանիներ մեծ դիրքերու հասած են»:
Ես մեծ դիրքերու հասնողներու ցանկին մէջ չեմ:
Ծնողքս զիս արհեստի չդրին: Ճեմարանը ակամայ ձգելով` գացի Մխիթարեան վարժարան, դասարանս անցայ եւ նոյն տարին յաջողեցայ ֆրանսական «պրըվէին եւ յաջողութեամբ աւարտեցի այդ դպրոցը:
Ճեմարանի առաջին օրս սկսաւ լալով, վերջին օրը ձգեցի լալով: Մխիթարեանի վերջին երեք տարիներուն ամէն վայրկեան մտքով Ճեմարան էի: Ճեմարանի բակը, դասընկերներս, ուսուցիչներս: Այդ դպրոցին մէջ ստացայ հայեցի դաստիարակութիւն, ծանօթացայ հայ գրականութեան, թրծուեցայ ազգային ոգիով: Ուրախ եմ, որ ունեցայ Մուշեղ Իշխանին նման ուսուցիչներ, բայց կը ցաւիմ, որ քանի մը տարի կանուխ ձգելով` բախտը չունեցայ աշակերտելու Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին եւ ազատագրական պայքարի աննման ֆետայի Կարօ Սասունիին:
Այս վերջին լացս տեղին էր:
Լոս Անճելըս 2013

