Լեզու Եւ Մշակոյթ. Ապագայի «Յետթարգմանելի» Ընկերութիւնը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

ՀԱՄԱԿՈՒԱԾ ԵՆՔ ՕՏԱՐ ԵԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋՈՎ: ԱՐԴԵՕՔ ՃԻ՞ՇԴ Է ԱՅՍ ՄՕՏԵՑՈՒՄԸ: ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ, ԵՒ` ՃԻՇԴ ՁԵՒՈՎ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԵԶՐ: ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԼԵԶՈՒԱԳԷՏ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՔՆՆԱԴԱՏ ԹՈՐՍԹԸՆ ՓԱԹՊԸՐԿ «ՊԻԿ ԹԻՆՔ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ ԱՄՈՒՐ ՎԻՃԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ`  ՇԵՇՏԵԼՈՎ, ԹԷ ԼԵԶՈՒՆ ՄԱՍ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՄԸ, ԻՍԿ ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՁԵՒ ՄԸՆ Է, ԶՈՐ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐԵԼ ԱՅԼ ԼԵԶՈՒՈՎ:

Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ շատ բան չենք գիտեր Չինաստանի մասին: Թէեւ չիները նախանձելի մտածողներ են աւելի քան 3 հազարամեակէ ի վեր, սակայն անոնց իւրայատկութեան մասին գրեթէ ոչինչ անխաթար հասած է մեզի: Պատճառը պարզ է. Արեւմուտքը օտար գիտութեան դէմ ինքզինք պաշտպանած է լեզուական հին հնարքով մը: Այսինքն` թարգմանելով: Եւ ասիկա պէտք է վերջ գտնէ:

Իմ Լեզուս` Քու Բանտդ

Եթէ յանդգնութիւն պիտի ըլլար կատարել «թարգմանութենէ զերծ աշխարհի մը» առաջարկը, ապա պահ մը եկէք` մտածենք, թէ ինչպէ՛ս խորհրդապաշտներն ու սուրբերը խէթ աչքով դիմաւորած են աշխարհիկ կարգերու գալուստը:

Թերեւս ոմանց զարմանք պիտի պատճառէ այս, սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ գիտութեան մէջ «թարգմանութիւն» կը նշանակէ «կերպարանափոխութիւն». բան մը կը վերածուի այլ բանի մը: Աւելի՛ն. համակարգիչը երբե՛ք չի թարգմաներ: Միայն մարդ արարածն է, որ կը կարծէ, թէ անգլերէն Աստուածաշունչին մէջ որեւէ տող բառացիօրէն արտասանուած է նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսի կողմէ: Անշուշտ անկարելի է այս: Յիսուս կը խօսէր արամերէն (ոմանց համաձայն, եբրայերէն), վստահաբար` ո՛չ անգլերէն:

Թարգմանութիւնը Կ՛աղաւաղէ
Մշակութային Իրականութիւնը

Յայտնաբերումը, թէ` թարգմանութիւնը միշտ ալ տարբեր է բնագիրէն, թէեւ փոքր, սակայն յատկանշական յեղաշրջում մըն է: Անցեալին, երբ մարդիկ կը տեսնէին բառ մը եւ անոր թարգմանութիւնը, անոնք յայտնաբար կը նկատէին բառերուն ձեւի տարբերութիւնը: Այս ջղագրգռող վիճակէն ձերբազատելու համար` փիլիսոփաները ստեղծած են ուրուական մը. «իմաստի» ուրուականը: Փոխաբերական բացատրութեան մը սիրոյն` այստեղ «իմաստ» բառը պիտի կոչեմ «թացան», ինչպէս` լոլիկի թացան:

Այնուհետեւ, պատմագէտներ պիտի տքնէին եւ պիտի ըսէին. «Այս երկու բառերը նոյն թացանին պարունակութիւնը ունին» կամ` «Այս բառին թացանը տարբեր է»: Որքան ալ խորհրդաւոր թուի այս, մարդիկ տակաւին կը հաւատան անտեսանելի եւ կախարդական այս տիրութեան, որ կը կոչուի «իմաստ», եւ կը շարունակեն մարդկային գիտութիւնները կառուցել անոր վրայ:

Փիլիսոփաները Արհեստակցական
Միութիւն Մըն Են

Թարգմանութիւնը ամօթալի գաղտնիք մըն է: Երբ անիկա կը դառնայ երկրի մը ռազմավարութիւնը, կը վերածուի մշակութային ինչքերու անխնայ կողոպուտի: Պղատոն եւ անոր «փիլիսոփաներու» դպրոցը պարզապէս դասաւորուած բոլոր մտածումները կը կոչէին «փիլիսոփայութիւն»: Աւելի ուշ այս դպրոցը կը պաշտպանէին քրիստոնեաները, իսկ այժմ անիկա դարձած է աշխարհի մեծագոյն արհեստակցական միութիւնը: Նոյնիսկ Չինաստան, Հնդկաստան, Իրան եւ Ճափոն այսօր կը շնորհեն «տոքթորայի տիտղոս»` Փի. Էյջ. Տի., այսինքն` փիլիսոփայութեան տոքթորի տիտղոս, նոյնիսկ երբ անձեր ընտրած են այնպիսի մասնագիտութիւններ, որոնք կապ չունին փիլիսոփայութեան հետ:

Մարդկային գիտութիւններու ամբողջ բնագաւառներ այս ձեւով կը ժխտեն իրենց մտաւորական հանճարները: Սակայն պատմագէտներ տակաւին կը մերժեն խօսիլ այս մասին: Ճիշդ է, չինարէնի մէջ կարգ մը բանալի ըսելաձեւեր յաջողած են խոյս տալ թարգմանութեան լուծէն եւ գոյատեւած են, ինչպէս` տաօ, քունկֆու, եին եւ եանկ, նոյնիսկ` տիմ սամ. քանթոներէնով` «շոգիով եփած ճաշ»: Սակայն ասոնք պարզապէս չնչին կոտորակներ են` բաղդատած տասնեակ հազարաւոր եզրաբանութիւններու, ինչպէս` ուենմինկ, շենկրեն եւ թիանքսիա, որոնք տակաւին թաղուած կը մնան չինական գրութիւններու մէջ, չափէն աւելի ինքնավստահ արեւմտեան թարգմանութիւններու ետին:

Չինասատան` Քրիստոնէացած

Եւրոպացի  առաջին քարոզիչները, որոնք ձգտած են քրիստոնէացնել Չինաստանը, Աստուածաշունչի «մեսիա» մը գտած են Քոնկ Ժիի մէջ: Հետեւաբար ռուիան` Քոնկ Ժիի բուն անունը չինական աւանդութեան մէջ, կը մարմնաւորէր կոմփուկիոսեան մշակոյթը, նոյն այն տրամաբանութեամբ, որ Քրիստոսը կը մարմնաւորէր քրիստոնէութիւնը: Իրականութիւնը այն է, թէ Մասթըր Քոնկ պարզապէս մէկն էր կոմփուկիոսեան բազմաթիւ փիլիսոփաներէն, սակայն եւրոպացիք իրենց հասկցած ձեւով կը ներկայացնէին զայն:

Լեզուագէտներ այժմ միջոցը ունին վերակազմելու թարգմանութեան պատմութիւնը եւ գտնելու հետքը բառապաշարներու, այնպէս` ինչպէս գիտնականներ կրնան գծել գաղթերու քարտէսը: Այո՛, լեզուները կը միաձուլուին եւ կը կերպարանափոխուին, բարբառներ ծնունդ կ՛առնեն, եզրեր կը ստեղծուին, տառեր կը փոխուին եւ երկու բառեր կրնան երբեք չունենալ նոյն ծագումը: Սակայն «իմաստներ» գոյութիւն չունին բառերու մէջ: Սահմանումներ կրնան օգնել մեզի` տարբերելու երկու գաղափարներ, սակայն բառերը ասկէ աւելին չեն:

Աշխարհը` Առա՞նց Չիներուն

Մա՛րդը ստեղծած է բառարանները եւ հաւատացած է, թէ անոնք կը պարունակեն Աստուծոյ խօսքը, մինչդեռ իրականութիւնը այն է, թէ պարզապէս «շփոթի» մատնուած է օտար լեզուներու դիմաց: Մինչեւ այսօր եւրոպացիք համոզուած են, թէ մարդկային ամբողջ մտածողութիւնը կրնան արտայայտել մէկ բառապաշարով, այսինքն` իրե՛նց լեզուով: Ոեւէ մէկը, որ սորված է օտար լեզու մը, գիտէ, թէ ասիկա ճիշդ չէ: Այսուհանդերձ, կը նախընտրենք լուր մնալ` յաճախ վախնալով, որ կրնանք ամբաստանուիլ մշակութային դաւաճանութիւն մը գործելու յանցանքով:

Անցեալին աշխարհը ականատես եղած է պատմական աննախընթաց ամբարտաւանութեան: Օրինակ, ոեւէ գերմանացի փիլիսոփայ, ինչպէս` Լայպնից, Քանթ կամ Հեկել կրնար բացատրել, թէ ի՛նչ կը մտածէին չիները` առանց նոյնիսկ Չինաստան այցելելու կամ չինարէնի մէջ գործածուող որեւէ եզր գիտնալու: Այսքանը բաւարար էր 17-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դար:

Այսօր աւելի հասուն ենք: Գիտենք, թէ մշակոյթները ունին նպատակ մը: Անոնց գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է տարբերիլ այլ մշակոյթներէ, եւ մենք պարտաւոր ենք յարգել մշակոյթները` ժամանակի ընթացքին կատարած իրենց իրագործումներուն եւ ստեղծագործութիւններուն համար: Իսկ անոնց ստեղծագործութեան ապացոյցները պահպանուած են անոնց լեզուական «բրածոներուն» մէջ, այսինքն` բառապաշարին:

Համաշխարհային Լեզուին Ապագան

Ոչ մէկ հնագէտ պիտի համարձակէր սխալ պարունակի մէջ ներկայացնել բրածոյ մը կամ աղօտ վիճակի մէջ պահել անոր գոյութիւնը, պարզապէս այն պատճառով, որ նման մօտեցում մը պիտի վտանգէր իր առանձնաշնորհեալ դիրքը: Ի տարբերութիւն` ասիկա օրէնք է մարդկային գիտութիւններուն մէջ: Ի՞նչ պիտի մտածէինք, եթէ օր մը յայտնաբերուէր չինական գիտութեան շտեմարան մը, որ գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ Չինաստան գոյութիւն չունենար. ոչ չինական գիտութիւնը լաւագոյն պարագային պիտի թուէր սահմանափակ, կաշկանդուած եւ անգէտ:

Այս պատճառով է, որ գիտնականներ, փորձառական գիտութեան վրայ հիմնուող մասնագէտներ, կանոնաւոր դասաւորումերու ենթարկած են ամբողջ անասնական, բուսական եւ նիւթեղէն աշխարհը, մինչդեռ երբեք չէ մտածուած մարդկային գիտութիւններու մէջ համակարգներ ստեղծելու նման մօտեցումի մը մասին: Արդի՞ւնքը. կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր արեւմուտքցին չի կրնար զանազանել ուլաման, եունզին, հեշանկը, կուրուն եւ րաբուն: Այս բոլորը իրեն համար պարզապէս «վարդապետ» են:

Պէտք չունինք մեր յիշողութեան մէջ պահելու բոլոր լեզուները (համակարգիչը կրնայ իր ուղեղին մէջ պահել զանոնք): Սակայն պէտք է ուշադիր մօտեցում ցուցաբերենք օտար լեզուներու այն բանալի եզրաբանութիւններուն նկատմամբ, զորս կարելի չէ թարգմանել, եւ զանոնք ներմուծել ապագայի համաշխարհային լեզուին մէջ: Պէտք է վերջ դնենք թարգմանութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )