Լեզու Եւ Մշակոյթ. Ուրկէ՞ Կու Գան «Խնդրեմ» Եւ «Շնորհակալ Եմ» Արտայայտութիւնները
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ ՎԱՐՄՈՒՆՔԻ ՄԻՋԵՒ ՍԱՀՄԱՆԸ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ԼԵԶՈՒԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿՐԿՆԵՐԵՒՈՅԹ ՄԸՆ Է` ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐՈՎ:
«Կ՛արժէ մտածել, թէ ի՛նչ արտայայտութիւն պէտք է ունենայ մեր դէմքը, երբ կ՛ըսենք` «խնդրեմ»», կը գրէ Ռութ Քրաուս իր «Օփըն հաուս ֆոր պաթըրֆլայզ» գիրքին մէջ: «Այդ վերարկուն հաւանաբար մօրդ տուած վերջին նուէրը պիտի ըլլայ, եւ մինչեւ կեանքիդ վերջը պիտի զղջաս, որ զլացար իրեն յայտնել փոքր «շնորհակալութիւն» մը, խորհուրդ կու տայ Շերըլ Սթրէյտ իր հոգեթով գիրքին մէջ. «Թայնի պիութիֆուլ թինկզ. ըտվայս ան լաւ էնտ լայֆ ֆրամ տիր շուկըր» (գողտրիկ գեղեցիկ բաներ. խորհուրդներ` սիրոյ եւ կեանքին մասին): Սակայն ինչպէ՞ս ծնունդ առած են քաղաքավարական ամէնէն սովորական արտայայտութիւնները` «խնդրեմ» եւ «շնորհակալ եմ»: Այս փնտռտուքը կը կատարէ մարդաբան Տէյվիտ Կրեպըր` իր լուսաբանական գիրքին մէջ, որ կը կոչուի «Տեթ. առաջին 5000 տարիները»:
«Պարտքը… պարզապէս փոխանակում մըն է, որ իր լրումին չէ հասած», կը գրէ ան:
«Կարելի է հետեւցնել, թէ պարտքը զուտ փոխադարձութեան վրայ հիմնուած բան մըն է եւ կապ չունի բարոյականութեան այլ երեւոյթներու հետ… Սակայն արդեօք ասիկա նոյն պատմութիւնը չէ՞, որ գիտենք արդէն, թէ` մարդկային բոլոր յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուին փոխանակումի վրայ, ապա` կը կատարենք մտային մարզանքներ, փաստելու համար, թէ իրօք, այսպէս պէտք է ըլլայ»:
«Ո՛չ, մարդկային յարաբերութիւնները փոխանակումի ձեւեր չեն: Միայն կարգ մը ձեւի յարաբերութիւններ այսպէս են: Փոխանակումը կը քաջալերէ մարդկային կապերը յատուկ ձեւով պատկերացնելու մօտեցում մը, որովհետեւ փոխանակումը կ՛ենթադրէ հաւասարութիւն, նաեւ` բաժանում»:
Կրեպըր կը շարունակէ փաստարկել հակառակը` կատարելով պատմականը մշակութային մեր ամէնէն սովորական քաղաքավարական արտայայտութիւններուն:
«Օրինակ, նկատի ունենանք ամերիկեան ընկերութեան մէջ տեւաբար «խնդրեմ» եւ «շնորհակալ եմ» ըսելու սովորութիւնը: Այս բառերը կրկնելը կը նկատուի բարոյական հիմնական պահանջ: Տեւաբար կը կշտամբենք մեր զաւակները, երբ կը մոռնան ըսել այս բառերը, այնպէս` ինչպէս մեր ընկերութեան պահապանները` ուսուցիչներն ու կրօնաւորները կը թելադրեն բոլորին: Յաճախ կ՛ենթադրենք, թէ այս սովորութիւնը տիեզերական է, սակայն… այսպէս չէ: Մեր առօրեային մէջ գործածուող քաղաքավարական բազմաթիւ արտայայտութիւններու պէս` ասիկա պարզապէս ժողովրդավարականացումն է այն սովորութեան, որ ժամանակին յատուկ էր աւատապետական կենցաղավարութեան. այսինքն` բոլորին հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս աւատապետ մը պիտի վարուէր իր բարձր դիրքին հաւասար անձի մը հետ»:
Սակայն քաղաքավարական բոլոր արտայայտութիւնները երբեմնի դասակարգային կառոյցներու արձագանգներ չեն:
«Երեւակայեցէք, թէ կը գտնուիք խճողուած հանրային փոխադրակառքի մը մէջ եւ կը փնտռէք աթոռ մը: Ճամբորդներէն մէկը իր պայուսակը կը վերցնէ` տեղ բանալու համար: Կը ժպտիք, ձեր գլուխը կը շարժէք կամ այլ շարժումով մը շնորհակալութիւն կը յայտնէք: Թերեւս նոյնիսկ «շնորհակալ եմ», կ՛ըսէք: Նման արտայայտութին մը պարզապէս մեր հասարակաց մարդկայնութեան ճանաչումն է. մենք կ՛ընդունինք, որ իր պայուսակը աթոռին առջեւ դրած կինը ֆիզիքական պատուար մը չէ, այլ` մարդ արարած մը, եւ ճշմարիտ երախտագիտութիւն մը կը զգանք անձի մը նկատմամբ, որուն անգամ մը եւս պիտի չհանդիպինք»:
Այսուհանդերձ, ամէնէն հետաքրքրականը երկու եզրաբանութիւններու բացատրութիւնն է.
«Անգլերէնի մէջ փլիզը կրճատումն է իֆ եու փլիզի. նոյն եզրը կը գործածուի եւրոպական գրեթէ բոլոր լեզուներուն մէջ (ֆրանսերէն` սիլ վու փլէ, սպաներէն` փոր ֆաւոր): Բառացիօրէն ասիկա կը նշանակէ. «պարտաւոր չես այս ընելու»: Այսինքն` «աղը տուր ինծի, սակայն` ըսել չեմ ուզեր, թէ պարտաւոր ես տալու»: Ասիկա ճիշդ չէ: Գոյութիւն ունի ընկերային պարտաւորութիւն մը, եւ անկարելի պիտի ըլլար չենթարկուիլ: Սակայն կենցաղավարութիւնը մեծ մասամբ կը բաղկանայ քաղաքավարական փոխանակումներէ (նուազ քաղաքավար լեզուով` սուտերէ): Երբ անձէ մը կը խնդրենք, որ աղը տայ մեզի, նաեւ կը հրահանգենք անոր. «խնդրեմ» բառը կցելով` պարզապէս ըսել կ՛ուզենք, թէ չենք հրահանգեր: Սակայն իրականութեան մէջ այսպէս է»:
«Անգլերէնի մէջ թենք եուն կու գայ թինք (մտածել) բառէն: Սկիզբը անիկա կը նշանակէր` «պիտի յիշեմ, ինչ որ ըրիր ինծի համար», ինչ որ դարձեալ ճիշդ չէ: Այլ լեզուներու մէջ ընդունուած ձեւը կը հետեւի «պարտական եմ» գաղափարին, ինչպէս` փորթուգալերէնի մէջ` օպրիկատոն: Ֆրանսերէն մերսին շատ աւելի պատկերաւոր է, եւ կու գայ «գութ հայցելու» գաղափարէն: Երբ կ՛ըսենք «մերսի», խորհրդանշական ձեւով մենք մեզ կը յանձնենք մեզի օգնող անձին իշխանութեան, որովհետեւ պարտական անձ մը ի վերջոյ յանցաւոր է: «Բարի եկար» կամ «ոչինչ» պատասխաններով ձեւով մը կը վստահեցնենք, թէ պարտք մը չենք արձանագրեր բարոյական երեւակայական տետրակի մը մէջ: Հետեւաբար, երբ կ՛ըսենք` «հաճոյքով», արդեօք ըսել կ՛ուզենք, թէ իրականութեան մէջ վա՞րկ է, եւ ոչ` պարտք, որովհետեւ, «երբ խնդրեցիր, որ աղը տամ քեզի, ինծի տուիր առիթը ընելու բան մը, որ ինքնին վարձատրութիւն մըն է»:
Ասիկա չի նշանակեր, թէ պարտքը պէտք է հասկնանք իբրեւ «բարոյականութեան էութիւնը, այլ` էութիւնը միջին խաւի բարոյականութեան»: Ինչպէս Կրեպըր կը նշէ, այս փոխանակումներուն իմաստալից թէ անիմաստ պատմութիւնը պարզապէս զարմանալիօրէն նոր զարգացում մըն է:
«Խնդրեմ» եւ «շնորհակալ եմ» ըսելու սովորութիւնը առաջին անգամ ծայր տուած է 16-րդ եւ 17-րդ դարերու առեւտրական յեղաշրջումներուն ընթացքին, նոյնինքն այն միջին խաւերուն մէջ, որոնք պատասխանատու էին անոնց տարածումին: Ասիկա գրասենեակներու, վաճառատուներու եւ դիւանակալներու լեզուն է, որ վերջին 500 տարիներուն ընթացքին անոնց միջոցով տարածուած է աշխարհի մէջ: Նաեւ` ապացոյց մըն է աւելի լայն փիլիսոփայութեան մը, շարք մը ենթադրութիւններու, թէ ի՛նչ է մարդ արարածը եւ ի՛նչ բան պարտական է միւսին, այնքա՛ն պարտական, որ այլեւս չի տեսներ իր պարտքը»